Հարաւային Դանիայի համալսարանի (SDU) գիտնականներ բացայայտած են, որ սովորական ստեպղինը կրնայ բարելաւել արեան շաքարի կարգաւորումը եւ դրականօրէն ազդել աղիքային «պաքթերիա»-ներու կազմին վրայ՝ օգնելով պայքարելու շաքարախտի դէմ։ Գիտական աշխատանքը հրապարակուած է Clinical and Translational Science (CTS) ամսագրին մէջ։
2-րդ տիպի շաքարախտը կը շարունակէ մնալ համաշխարհային խնդիր, որ կ՛ազդէ աւելի քան կէս միլիառ մարդու վրայ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այս հիւանդութեամբ հիւանդներու թիւը քառապատկուած է 1996-էն ի վեր՝ հասնելով 350 միլիոնի մինչեւ 2022 թուականը:
Շաքարախտի աւանդական բուժումը կը ներառէ սննդականոնի փոփոխութիւններ եւ դեղեր, սակայն շատ հիւանդներ կ՛ունենան կողմնակի բարդութիւններ: Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութեան մէջ գիտնականները աշխատած են բացայայտելու, որ արդեօ՞ք ստեպղինը կրնայ օգտագործուիլ որպէս բնական լրացուցիչ բուժում՝ առանց անբարենպաստ արձագանգներ յառաջացնելու:
Փորձարկումի ընթացքին գիտնականները ուսումնասիրած են ստեպղինի ազդեցութիւնը շաքարախտով հիւանդ մուկերու առողջութեան վրայ։ Կենդանիները բաժնուած են երկու խումբի՝ առաջինը ստացած է սննդականոն, որ ամբողջացուած է 10 առ հարիւր սառած ստեպղինի փոշիով, երկրորդը՝ բարձր ճարպ պարունակող սննդականոնով: 16 շաբաթ ետք, ստեպղինով կերակրուող մուկերը ցոյց տուած են, որ իրենց արեան շաքարի կարգաւորումը բարելաւուած է եւ ի յայտ եկած են աւելի առողջ աղիքային «պաքթիերիա»-ներ:
Գիտնականները բացայայտած են, որ ստեպղինը կ՛օգնէ բարձրացնելու այն «պաքթիրիա»-ներու քանակը, որոնք կ՛արտադրեն կարճ շղթայական ճարպաթթուներ (SCFA), որոնք կ՛աջակցին աղիքներու առողջութեան եւ կը բարելաւեն ուժի նիւթափոխանակութիւնը: Ստեպղինին մէջ յայտնաբերուած «կենսաաքթիվ» միացութիւնները նաեւ կ՛օգնեն բջիջներուն աւելի արդիւնաւէտ ձեւով կլանելու շաքարը, ինչ որ կ՛օգնէ կայունացնելու արեան շաքարի մակարդակը:
Ըստ հետազօտութիւնը համակարգող Մորթըն Քոպաեք Լարսընին՝ Հարաւային Դանիայի համալսարանէն, ստեպղինի ընտանիքի այլ բանջարեղէններ, ինչպէս՝ գինձը, նեխուրը եւ ազատգեղը, կրնան նման յատկութիւններ ունենալ: Այնուամենեայնիւ, գիտնականները կ՛ընդգծեն, որ իրենց բացայայտումները հիմնուած են անասուններու ուսումնասիրութիւններու վրայ, որոնք կարիքը ունին հաստատուելու՝ մարդոց վրայ հետագայ քլինիքային փորձարկումներու միջոցով: