Ամերիկացի գիտնականներ մշակած են սրտի մկանային հիւսուածքի վերականգնման նոր միջոց մը՝ հիմնուած բջիջային վերածրագրաւորման վրայ։ Աշխատանքին արդիւնքները հրապարակուած են Cell Stem Cell ամսագրին մէջ։
Վերջերս հասուն բջիջները ցօղունային բջիջներու վերածելու բազմաթիւ մեթոտներ ստեղծուած են։ Հիւսիսային Քարոլինայի համալսարանի բժշկութեան դպրոցի գիտնականները գտած են այլ մօտեցում մը:
Մուկերու վրայ փորձի մը ընթացքին հետազօտողները օգտագործած են «ֆիպրոփլասթ»ները՝ «քարտիոմիոսիթ»ներու, ինչպէս նաեւ լեարդի բջիջներու եւ «նիւրոն»ներու վերածրագրաւորելու երեք միջոց գտնելու համար։ Առանցքային բաղադրիչ դարձած է Ascl1 սպիտակուցը, որ կը վերահսկէ «ճին»երու աշխուժութիւնը եւ պատասխանատու է «ֆիպրոփլասթ»ները՝ «նիւրոն»ներու վերածելու համար։ Այս սպիտակուցը աշխուժացուցած է «քարտիոմիոսիթ»ները, ինչ որ զգալիօրէն բարձրացուցած է բջիջներու վերածրագրաւորման արդիւնավէտութիւնը աւելի քան 10 անգամ։