Վարունգի օգտագործումը կը նպաստէ առողջութեան բարելաւման, կը յայտնէ բժշկագիտութեան տոքթոր Ճոնա Պուրտէոս. ասոր մասին գրուած է «Eat this, Not that!» պարբերականին մէջ։ Առողջական ո՞ր խնդիրները լուծելու համար օգտակար է վարունգը։
Վարունգը կը պահպանէ ոսկորներու առողջութիւնը
Վարունգը յատկապէս օգտակար է հասուն կիներու եւ տարեց մարդոց, որոնք կ՛ունենան ոսկրային հիւսուածքներու մաշում, «օսթէոփորոզ»ի եւ ոսկորներու փխրունութեան խնդիրներ, որոնց հետեւանքով անոնք ոսկորներու ճեղք կամ կոտրուածքներ կ՛ունենան։ Վիթամիններէն մէկը, որոնցմով հարուստ է վարունգը, К վիթամինն է, որ կ՛օգնէ ամրապնդելու ոսկորներու հիւսուածքը։ Մէկ վարունգի մէջ կայ մօտաւորապէս 50 մքկ К վիթամին, որ այդ վիթամինին օրական նորմին մօտաւորապէս 40 առ հարիւրն է։
Կը թարմացնէ շնչառութիւնը
Վարունգը կը պայքարի բերանի տհաճ հոտի դէմ՝ ջուրի, բջիջանիւթի եւ ֆոթոքիմիական ակնպիսի նիւթերու պարունակութեան շնորհիւ, ինչպէս՝ «փոլիֆենոլ»ները եւ «ֆլաւոնոիտ»ները։ Այս միացութիւնները ունին հակաօքսիտանթ յատկութիւններ եւ կ՛օգնեն բերնին մէջ «կալիոզ» յառաջացնող պաքթիրիաներու քանակի նուազումին։
Կը կանխէ շաքարախտը
Վարունգը ունի ցած «կլայքեմիք ինտեքս»՝ ընդամէնը 15։ «Nutrition Journal» ամսագրի տուեալներով՝ ցած «կլայքեմիք ինտեքս» ունեցող ուտելիքներու օգտագործումը կ՛օգնէ նուազեցնելու «ինսուլին»ի հանդէպ «ռեզիսթանս»ը, ինչ, որ իր կարգին, կը նուազեցնէ 2-րդ տեսակի շաքարախտի յառաջացման հաւանականութիւնը։
Կը նպաստէ օրկանիզմին մէջ խոնաւութեան պահպանման
Վարունգը 95 առ հարիւրով բաղկացած է ջուրէ, ինչ որ անիկա կատարեալ մթերք կը դարձնէ օրկանիզմի «հայտրէյշըն»ին համար։ Հեղուկի համարժէք օգտագործումը եւ խոնաւութիւնը անհրաժեշտ են մարմնի առաւելագոյն գործունէութեան համար։
Կը նպաստէ նիհարնալուն
Մեծ քանակութեամբ ջուրի պարունակութեան պատճառով վարունգը խիստ յագեցնող է, միաժամանակ՝ կը պարունակէ շատ քիչ քալորիներ։ Վարունգը լաւագոյններէն մէկն է նիհարնալ փափաքողներու համար։
Կը փրկէ պնդութենէ
Կեղեւով օգտագործուած վարունգը օրկանիզմին կու տայ շատ ջուր եւ բջիջանիւթ, այս մէկը լաւագոյն համադրութիւնն է աղիքներու կծկումները խթանելու եւ պնդութիւնը կանխելու համար։ Այս խնդիրը ունեցող մարդոց Փենսիլվենիոյ պետական համալսարանի Բժշկական քոլեճը կը յանձնարարէ վարունգ աւելցնել տարբեր կերակուրներու մէջ։
Կը նուազեցնէ այտուցները, օգտակար է բարձր ճնշման պարագային
Վարունգը ունի «քալսիում»ի բարձր պարունակութիւն. մէկ վարունգը կրնայ տալ 442 միլիկրամ «քալսիում». այս կարեւոր մայքրոտարրը օրական նորմի մօտաւորապէս 10 առ հարիւրն է։ «Քալսիում»ը յայտնի է անով, որ կ՛օգնէ օրկանիզմէն աւելորդ «սոտիում»ը դուրս բերելուն, որու կուտակումը յառաջ կը բերէ հեղուկի պահպանում օրկանիզմին մէջ, այտուցուածութիւն եւ կը նպաստէ զարկերակային ճնշման բարձրացման։