Ձմրան ամիսներուն վիթամին Dի անբաւարարութիւնը այնքան տարածուած է, որ բոլորը դիւրութեամբ կրնան գնել եւ օրական 2000 միաւոր վիթամին ստանալ: Վիթամին D-ի անբաւարարութիւն չըլլար միայն անոնց մօտ, որոնք տարուան մէջ քանի մը անգամ ծով կ՛երթան եւ առանց արեւապաշտպան քսուքներու արեւայրուք կ՛ունենան, ըսած է էնտոքրինոլոկ Նարինէ Պեգլարեան:
Անոր խօսքով, ձմրան բնակչութեան մէջ C, D, B12 վիթամիններու անբաւարարութիւն կը նկատուի: Գարնան սկիզբը կը բարձրանայ «ավիթամինոսիզ»ով՝ վիթամիններու անբաւարար ներմուծման հետեւանքով հիւանդանոցներ դիմողներու թիւը:
Վիթամիններու անբաւարարութեան ախտանիշները
Վիթամիններէն իւրաքանչիւրի անբաւարարութեան պարագային ախտանիշները տարբեր են:
«Վիթամին D-ի ժամանակ կը նկատուին յօդացաւեր, մկանային ձգուածութիւն, տկարութիւն: B12-ի անբաւարարութեան ժամանակ տեղի կ՛ունենան յոգնածութիւն, հեւոց, մատներու թմրածութիւն, գլխապտոյտ, տկարութիւն: Ֆոլաթթուի պակասի ժամանակ՝ դարձեալ հեւոց, տկարութիւն, իսկ վիթամին C-ի պակասի պարագային՝ նաեւ մազաթափութիւն եւ մորթի չորութիւն»,-կը յայտնէ բժիշկ Նարինէ Պեգլարեան:
Խոցելի խումբեր
Վիթամիններու անբաւարարութիւն աւելի յաճախ կը պատահի քրոնիք հիւանդութիւններ, ստամոքսի հետ կապուած խնդիրներ ունեցողներու, 50-ը անց մարդոց եւ փոքրիկներու մօտ: Միջին տարիքի անձերու մօտ հազուադէպ կը նկատուի «ավիթամինոսիզ»:
Հաւանական հետեւանքներ
Եթէ յայտնաբերուի վիթամիններու անբաւարարութիւն, ապա դեղորայքային բուժում անհրաժեշտ է: Հակառակ պարագային, հետեւանքները կրնան անդառնալի ըլլալ:
Էնտոքրինոլոկի խօսքով, B12-ի անբաւարարութիւնը կրնայ վերջոյթներու նեարդաթելերու վնասման յանգեցնել եւ եթէ հիւանդութիւնը երկարատեւ ըլլայ, վերջոյթներու ծակծկոցը, թմրածութիւնը եւ ցաւը կրնան այլեւս չանցնիլ: