«Վիկընիզմ»ը կենսակերպ մըն է, որ կը բացառէ կենդանիներու նկատմամբ դաժանութեան բոլոր ձեւերը՝ սնունդի, արտադրութիւններու կամ որեւէ այլ նպատակի համար: «Վիկըն»ական կենսակերպը ընդունելու շատ տարբեր եղանակներ գոյութիւն ունին, սակայն անոր ներքեւ գտնուող «կանոն»-ը բոյսերու վրայ հիմնուած սննդականոնի ընդունումն է:
«Վիկըն»ները քայլ մը առջեւ կ՛անցնին․ անոնց ապրելակերպը պարզապէս միսէն խուսափումը չէ. անոնք նաեւ հեռու կը մնան ձկնեղէններէն, կաթնամթերքէն, հաւկիթէն եւ մեղրէն, ինչպէս եւ այնպիսի արտադրութիւններէ, ինչպէս՝ կաշի կամ մորթ: Կարելի է մտածել, «Ուրեմն, անոնք ի՞նչ կ՛ուտեն»: Զարմանալիօրէն, կան հազարաւոր «վիկըն» բաղադրութիւններով ուտելիքներ, որոնք համեղ են եւ բացառապէս սննդարար:
Ինչո՞ւ մարդ կրնայ նախընտրել «վիկըն» դառնալ:
- Անասունները փրկելու համար. «վիկըն»ները չեն քաջալերել անասուններու նկատմամբ վերաբերմունքը ագարակներու մէջ, ոչ ալ կենդանիներու սպանութիւնը, երբոր անոնց արտադրութեան թափը կը նուազի։
- Միջավայրին համար. անասնաբուծութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ միջավայրին վրայ՝ ապականելով ջրային «էքոհամակարգ»երը, հողը եւ աւելին:
- Սեփական առողջութեան համար. հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ կենդանական ճարպերու եւ սպիտակուցներու օգտագործումը կապուած է սրտի հիւանդութիւններու, հաստ աղիքի եւ թոքերու քաղցկեղի, շաքարախտի, գիրութեան եւ այլ տկարացնող պայմաններու հետ:
Լիարժէք «վիկըն» դառնալը դժուար կրնայ թուիլ շատերու համար, սակայն կան «վիկընիզմ»-ի շատ օգուտներ: Տարբեր տարիքի, մասնագիտութեան եւ «պէքկրաունտ»ով տասնեակ մարդիկ վերջին շրջանին կը դառնան դէպի «վիկըն»ական կողմը, եւ անոնց թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ: Ահաւասիկ քանի մը պատճառ (բացի վերը նշուած երեքէն), որպէսզի մտածենք «վիկըն» դառնալու մասին կամ նոյնիսկ փորձենք զայն ամիս մը, Nutriciously-ի համաձայն:
1.«Վիկըն» դառնալը կը բուժէ/կը վերացնէ առողջութեան հետ կապուած պայմաններ, որոնք դուք արդէն իսկ ունիք: Շատ մասնագէտներ կ՛ըսեն, թէ բոյսերու վրայ հիմնուած սննդականոնը յաճախ աւելի արդիւնաւէտ է, քան դեղորայքը կամ նոյնիսկ բժշկական «փրոսիճըր»ներ, երբ խօսքը կը վերաբերի հիւանդութիւններու բուժման:
2.Բոյսերու վրայ հիմնուած ապրելակերպին հաւատարիմ մնալը կ՛օգնէ նիհարնալու եւ նոյն ձեւով գոյատեւելու։ «Վիկըն»ները միակն են, որոնք միջինը ունին բնական եւ առողջ մարմնի զանգուածի «ինտեքս» (BMI), որովհետեւ անոնք չեն ուտեր կենդանական ծագում ունեցող ուտելիքներ, որոնք քալորիականութեամբ բարձր են։
3.Կենդանական ծագումով ուտելիքները ընդհանրապէս կ՛ընդգրկեն «պաքթիրիա»-ներ, «հակապայոթիք»-ներ «հորմոն»-ներ, «տայոքսին»-ներ եւ այլ թունաւոր նիւթեր, որոնք կրնան յանգեցնել առողջական խնդիրներու (Այս սննդային թունաւորման ամենէն տարածուած պատճառներէն մէկն է:)։
4.Դուք կրնաք փորձել այլազան նոր կերակուրներ: Աշխարհի մէջ կան աւելի քան 20,000 տեսակի ուտելի բոյսեր: Կը հաւատաք, թէ ոչ, ճիշդ համեմներով եւ կողմնակի ուտելիքներով պատրաստուած այս բուսական կերակուրները համեղ եւ բաւարարող են:
5.Երբեք այնքան դիւրին չէ եղած «վիկըն» ըլլալը: Այս օրերուն հանրախանութներու մեծամասնութիւնը ունի յատուկ բաժիններ՝ «վիկըն»ական ապրելաձեւին համար, ներառեալ միսի փոխարինման տարբերակներ եւ համեղ աղանդերներ: