Նոր հետազօտութիւն մը ցոյց կու տայ, որ տաջուածքները կրնան լուրջ սպառնալիք դառնալ առողջութեան վրայ: Այս ոլորտին մէջ հետազօտութիւններու բացակայութեան պատճառով, Շուէտի Լունտ Համալսարանը որոշած է ուսումնասիրել տաջուածքներու երկարաժամկէտ ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ:
Քրիսթել Նիլսըն, որ գլխաւորած է այս հետազօտութիւնը, յայտնած է, որ իրենք ուսումնասիրած են 11,905 հոգինոց մեծ խումբ մը, որպէսզի յայտնաբերեն կապը տաջուածքներուն եւ լիմֆոմայի միջեւ:
Լիմֆոման արեան հազուագիւտ քաղցկեղ մըն է, որ կը տարածուի ճերմակ բջիջներէն դէպի օրկաններու ցանց, որ կ՛օգնէ մարմնին պայքարելու բորբոքումներու դէմ:
Հետազօտող խումբը յայտնաբերած է լիմֆոմայով ախտորոշուած մարդիկ՝ բնակչութեան առողջական տուեալներու արձանագրութիւններուն միջոցով, ըսած է Նիլսըն: Մասնակիցները պատասխանած են ապրելակերպի գործօններու վերաբերող հարցաթերթիկներ, որպէսզի հետազօտողները կարենան որոշել, թէ անոնք տաջուածքներ ունի՞ն թէ՝ ո՞չ: 11,905 մարդոցմէ 2,938ն ախտորոշուած են լիմֆոմայով 20-60 տարեկանին: Լիմֆոմա ունեցող խումբի մարդոց 21 առ հարիւրը տաջուածք ունէին, մինչ լիմֆոնա չունեցող «քոնթրոլ» խումբի մարդոց՝ 18 առ հարիւրը:
Հետազօտողները յանգած են այն եզրակացութեան, որ տաջուածքին չափը կրնայ բարձրացնել լիմֆոմայի զարգացման վտանգը եւ կարեւոր չէ, թէ մարմնին ո՞ր բաժնին վրայ կը գտնուի տաջուածքը: