Այսօրուան արագընթաց աշխարհին մէջ առողջ մնալը աւելի վճռորոշ է, քան երբեւէ: Թէեւ ժամանակակից բժշկութիւնը զօրաւոր միջոցներ կը տրամադրէ հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու համար, կան նաեւ շատ բաներ, որ դուք կրնաք կատարել՝ բնականօրէն ձեր դիմադրողական համակարգին աջակից դառնալու համար: Ներառելով քանի մը պարզ կենսակերպի փոփոխութիւններ՝ դուք կրնաք ամրապնդել ձեր մարմնի բնական պաշտպանութիւնը եւ նպաստել ձեր ընդհանուր բարեկեցութեան: Ահա տասը արդիւնաւէտ միջոց՝ ձեր դիմադրողական համակարգը բնական ճամբով զօրացնելու համար՝ հիմնուած գիտական հետազօտութիւններու վրայ:
- Առաջնահերթութիւն տուէք քունին
Դուք հաւանաբար նախապէս լսած էիք, թէ քունը կենսական նշանակութիւն ունի առողջ դիմադրողական համակարգի համար: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ քունի պակասը կրնայ յանգեցնել բորբոքումներու նկատմամբ զգայունութեան բարձրացման: Sleep ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ այն անհատները, որոնք գիշերը եօթ ժամէն նուազ կը քնանան, աւելի հաւանականութիւն ունին «կրիփ» ըլլալու, երբ ենթարկուին ժահրի, քան անոնք, որոնք կը քնանան առնուազն ութ ժամ (Cohen et al., 2009):
- Պահպանեցէք հաւասարակշռուած սննդականոն
Պտուղներով, բանջարեղէնով, ամբողջական հացահատիկներով եւ սպիտակուցներով հարուստ սնունդ ստանալը կրնայ ապահովել ձեր դիմադրողական համակարգի պահպանման համար անհրաժեշտ սննդանիւթերը: Յատկապէս կարեւոր են վիթամին Cն, որ կը գտնուի «սիթրըս» միրգերուն եւ կանաչ պղպեղին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ զինքը ընկոյզին եւ սերմերուն մէջ: The American Journal of Clinical Nutritionին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ զինքի համարժէք ընդունումը կապուած է «կրիփ»ի ախտանշաններու տեւողութեան եւ ծանրութեան կրճատման հետ (Prasad, 2008):
- Բաւարար ջուր խմեցէք
Առողջ դիմադրողական համակարգի պահպանման համար անհրաժեշտ է բաւարար ջուր ունենալը մարմնին մէջ: Ջուրը կ՛օգնէ օրկանիզմէն հեռացնելու թոյները եւ կ՛աջակցի իւրաքանչիւր բջիջի, ներառելով դիմադրողական համակարգի բջիջներու աշխատանքին: Nutrition Reviewsին համաձայն բաւարար ջուր ունենալը մարմնին մէջ կ՛օգնէ պահպանելու լորձաթաղանթի անձեռնմխելիութիւնը եւ կ՛աջակցի օրկանիզմին՝ վարակներու դէմ պայքարելու կարողութեան (Marty et al., 2015):
- Կանոնաւորապէս մարզանք ըրէք
Յայտնի է, որ կանոնաւոր ֆիզիքական աշխոիժութիւնը կը զօրացնէ է դիմադրողական համակարգը՝ նպաստելով առողջ շրջանառութեան եւ նուազեցնելով բորբոքումը: JAMA Network Openին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ չափաւոր վարժութիւնները կրնան օգնել նուազեցնելու վերին շնչուղիներու վարակներու յաճախականութիւնը (Nieman et al., 2019):
- Ղեկավարեցեք սթրեսը
Քրոնիք սթրեսը կրնայ տկարացնել ձեր դիմադրողական համակարգը՝ դարձնելով ձեզ աւելի ենթակայ հիւանդութիւններու: Psychosomatic Medicineին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ երկարատեւ սթրեսը կրնայ փոխել դիմադրողական գործունէութիւնը եւ բարձրացնել վարակներու նկատմամբ զգայունութիւնը (Segerstrom & Miller, 2004):
- Ստացէ՛ք արեւու լոյս
Արեւու լոյսը վիթամին Dի բնական աղբիւր է, որ վճռորոշ դեր կը խաղայ դիմադրողական գործունէութեան համար: The Journal of Immunologyին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնը ընդգծած է, որ վիթամին Dի բաւարար մակարդակը կրնայ զօրացնել «մոնոսայթ»ներու եւ «մաքրոֆակ»ներու «փաթոճեն»ներու դէմ պայքարող ազդեցութիւնները (Aranow, 2011):
- Ներառեցէք «փրոպայոթիք»ներ ձեր սննդականոնին մէջ
«Եոկուրթ»ի, «քեֆիր»ի եւ «ֆըրմենթացուած» ուտելիքներու մէջ գտնուող «փրոպայոթիք»ները կրնան աջակցիլ աղիքներու առողջութեան, ինչ որ սերտօրէն կապուած է դիմադրողական գործունէութեան հետ: Frontiers in Immunologyին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ «փրոպայոթիք»ները կրնան զօրացնել մարմնին դիմադրողական արձագանգը եւ նուազեցնել վարակներու վտանգը (Miyauchi et al., 2017):
- Սահմանափակեցէք ալքոլի օգտագործումը
Ալքոլի շատ օգտագործումը կրնայ խաթարել դիմադրողական գործունէութիւնը եւ բարձրացնել վարակներու նկատմամբ զգայունութիւնը: Alcohol Research & Healthին մէջ կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ ալքոլի քրոնիք օգտագործումը կրնայ բացասաբար ազդել «փաթոճեն»ներուն արձագանգելու դիմադրողական համակարգի ունակութեան վրայ (Szabo & Saha, 2015):
- Խուսափեցէք ծխելէն
Ծխելը վնասակար ազդեցութիւն կ՛ունենայ դիմադրողայան համակարգին վրայ՝ նուազեցնելով վարակներու դէմ պայքարելու անոր կարողութիւնը։ The American Journal of Respiratory and Critical Care Medicineին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ծխելը վնաս կը հասցնէ դիմադրողական արձագանգներուն եւ կը բարձրացնէ շնչառական վարակներու վտանգը (Gordon et al., 2014):
- Դուք ձեզ մաքուր պահեցէք
Առողջապահութեան պարզ կանոնները կրնան կանխել մանրէներու եւ վարակներու տարածումը: Ձեռքերը կանոնաւոր ձեւով լուալը, հիւանդ մարդոց հետ սերտ յարաբերութենէ խուսափիլը եւ անձնական մաքրութեան պահպանումը կրնան օգնել նուազեցնելու հիւանդանալու վտանգը: The American Journal of Infection Controlի հետազոտութեան համաձայն, ձեռքերու առողջապահութիւնը վարակներու կանխարգիլման ամենէն արդիւնաւէտ միջոցներէն մէկն է (Pittet et al., 2000):
Եզրակացութիւն
Դիմադրողական համակարգի ամրապնդումը բնականաբար կը ներառէ ապրելակերպի փոփոխութիւններու եւ առողջ սովորութիւններու համադրում: Բաւարար քուն ստանալով, հաւասարակշռուած սննդականոնով, բաւարար ջուր խմելով, կանոնաւոր մարզանք ընելով, սթրեսը կառավարելով, արեւու լոյս ստանալով, «փրոպայոթիք»ներ ներառելով, ալքոլը սահմանափակելով, ծխելէն խուսափելով եւ ինքզինք մաքուր պահելով, դուք կրնաք նպաստել ձեր մարմնին՝ հիւանդութիւններէն պաշտպանուելու ունակութեան: Յիշեցէք, որ փոքր փոփոխութիւններ կրնան յանգեցնել ձեր ընդհանուր առողջութեան զգալի բարելաւման: Ընդունեցէք այս թելադրութիւնները եւ ձեր դիմադրողական համակարգը աւելի լաւ յագեցած կ՛ըլլայ ձեզի առողջ եւ բարգաւաճ պահելու համար: