Հարաւ-քորիացի գիտնականներու հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ ռուսերու շրջանակին մէջ ընդունուած մթերք մը կը բարելաւէ տարեց մարդոց մտային ունակութիւնները, տեղեկացուցած է PsyPost-ը։
Հարաւային Քորիայի Gaon հետազօտական կեդրոնի մասնագէտներու խումբը փորձով ապացուցած է, որ տարեց մարդիկ, որոնք միշտ պանիր կ՛օգտագործեն, աւելի լաւ յիշողութիւն ունին եւ աւելի ուշադիր են, քան իրենց միւս հասակակիցները։ Նման ճաշացուցակի առանձնայատկութիւններէն է նաեւ տարածութեան մէջ լաւ կողմնորոշուելու ունակութիւնը։
Փորձին մասնակցած է 65 եւ աւելի բարձր տարիքի 1156 մարդ (կին եւ տղամարդ)։ Գիտնականները ուսումնասիրած են մասնակիցներու սննդային նախասիրութիւնները եւ անոնց մտային ունակութիւններու գնահատականը։
Օգտագործուած են ախտորոշման տարբեր կարելիութիւններ եւ 30 կէտնոց թեստ՝ յիշողութեան, ուշադրութեան, տեղւոյն վրայ կողմնորոշուելու ունակութեան, գրելու եւ խօսելու կարողութեան առաջադրանքներով։ Երբ փորձարկուողները հաւաքած են 23 կէտէն պակաս՝ 30 կարելիութիւններէն, այդ վկայած է «Ալզհայմըր»ի հիւանդութեան բարձր հաւանականութեան մասին։
Հետաքրքրական է, որ աւելի բարձր գնահատականներ ստացած են փորձի այն մասնակիցները, որոնք յաճախ ճաշացուցակին մէջ ներառած են պանիրի տարբեր տեսակներ։