Սուրբ Ժիւտի Մանկական հետազօտական հիւանդանոցի եւ Մինեզոթայի համալսարանի գիտնականները ուսումնասիրած են T-բջիջներու ծերացման եզակի «էփիճենեթիք» ժամացոյցը՝ ցոյց տալու համար, որ T-բջիջները կրնան «գերազանցել մարմնին առնուազն չորս կեանք»:
T-բջիջներու հիմնական գործառոյթը «էնթիճեն»ներու ճանաչումն է, «էֆէքթըր» դիմադրողական պատասխանի ձեւաւորումը եւ արձագանգը, ինչպէս նաեւ՝ դիմադրողական համակարգի յիշողութիւնը: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Nature Aging ամսագրին մէջ:
Հետազօտողները ուսումնասիրած են բջիջներու ծերացման գործընթացը՝ բջիջներու շարունակական կրկնուող աճի «սայքըլ»ներուն միջոցով,եւ ի յայտ եկած են յատուկ օրինաչափութիւններ T-բջիջներուն համար:
«Դիմադրողական համակարգը, իր բնոյթով, պէտք է արագ «փրոլիֆըրաթիւ» արձագանգ ունենայ «փաթոճէն»ին կամ ուռուցքին նկատմամբ», ըսած է հետազօտութեան համահեղինակ Պեն Եանկպլատը: «Եւ որոշ պայմաններու մէջ, ինչպէս՝ «էնտեմիք փաթոճէն»ներու կամ քրոնիկ ժահրային բորբոքումներու պարագային, այդ մէկը դարձեալ ու դարձեալ կը կրկնուի»: Մարդու կեանքին ընթացքին, այս T-բջիջները կ՛ենթարկուին «ինթենսիւ փրոֆիլաւորման»:
Այս առումով հարցում մը կը ծագի միտքերուն մէջ, թէ ինչո՞ւ հակառակ «փրոֆիլաւորման» արագընթաց թափին, այս դիմադրողական արձագանգը քաղցկեղ չի յառաջացներ:
Պատասխանը՝ T-բջիջներու ծերացումը՝ դիմակայելու եզակի ունակութեան մէջ է:
Հետազօտութեան ծիրին մէջ գիտնականները ընտրած են «մոտել» մը, որուն մէջ T-բջիջներու նոյն գիծը օգտագործուած է մուկերու կեանքի քանի մը «սայքըլ»ներու ընթացքին:
Օգտագործելով այդ «մոտել»ը եւ «էփիճենեթիք» ժամացոյցը, որ անոնք մշակած են T-բջիջներուն համար, հետազօտողները ուսումնասիրած են աճեցուած T-բջիջներու «DNAի մեթիլէյշըն»ի օրինաչափութիւնները: Անոնք ի յայտ բերած են, որ տարիքը պարզապէս թիւ մըն է եւ մահը վերջաւորութիւնը չէ:
Ապա, գիտնականները բացայայտած են, թէ ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ արագ եւ երկարաժամկէտ «փրոֆիլաւորման» ժամանակ, օրինակ՝ քաղցկեղի պարագային:
«Մենք բացայայտեցինք եւ զանազանեցինք բնորոշ «էփիճենեթիք» փոփոխութիւններ, որոնք կապուած են «լիւքիմիա»ի հետ, անոնցմէ, որոնք բջիջային բնական աճի եւ բնական ծերացման գործընթացի պատճառով տեղի կ՛ունենան:
Անոնց կարծիքով, այս աշխատանքին շնորհիւ կարելի է սկսիլ բուժման հաւանական մեթոտներու ուսումնասիրութիւն, որոնք կը կանգնեցնեն կամ նոյնիսկ ամբողջութեամբ կը դադրեցնեն տարիքի հետ կապուած խանգարումները: