Ամերիկացի գիտնականներու նոր հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ երբ մուկերու սրտի բջիջները կը ծերանան, միջուկային ծակոտիներ (nuclear pores) կոչուող հաղորդակցութեան ուղիներու թիւը կտրուկ կը նուազի: Մարդոց մօտ նոյնանման օրինաչափութիւն (pattern) կարելի է նկատել, որ կը խանգարէ մեծերու սրտի բջիջներու վերականգնումը: Փիթսպըրկի համալսարանի հետազօտողներու յօդուածը հրապարակուած է Developmental Cell ամսագրին մէջ:
Մարդու մարմնի շատ հիւսուածքներ կը պահպանեն իրենց վերականգնելու ունակութիւնը վնասուելէն ետք: Սակայն սիրտը ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնէ այդ ունակութիւնը։ Ծերութեան շրջանին բջիջները կ՛անցնին «թըրմինըլ» վիճակ, ուր անոնք այլեւս չեն կրնար բաժնուիլ: Նոր աշխատանքին մէջ գիտնականները օգտագործած են բարձր թոյլտւութեամբ մանրադիտակ՝ մուկերու սրտի բջիջներու եւ «քարտիոմայոսայթ»ներու մէջ միջուկային ծակոտիները դիտարկելու համար:
Բացայայտուած է, որ տարիքի հետ անոնց թիւը նուազած է 63 առ հարիւրով։ Նախապէս գիտնականները պարզած էին, որ նորածին մուկերու մօտ արտազատուող Lamin b2 «ճին»ը կարեւոր դեր կը խաղայ «քարտիոմայոսայթ»ներու վերականգնման գործին մէջ։ Ատոր արտայայտման արգելափակումը յանգեցուցած է միջուկային ծակոտիներու քանակի եւ «քարտիոմայոսայթ»ներու վերականգնողական կարողութիւններու նուազումին:
Գիտնականներու կարծիքով՝ Lamin b2 «ճին»ը, որ շատ արտայայտուած է նորածին մուկերու մօտ, բայց տարիքի հետ կը նուազի, կարեւոր է սրտի բջիջներու վերականգնման համար: Անոնց կարծիքով՝ այս բացայայտումը կ՛օգնէ ապագային գտնել սրտի տարբեր հիւանդութիւններու կանխարգիլման նոր ճամբաներ։