Սրտի ծանրաբեռնուածութեան յաւելում. բարձր ջերմաստիճանը կրնայ յանգեցնել անօթներու ընդլայնման, ինչ որ ժամանակաւորապէս կը նուազեցնէ արեան ճնշումը:
Սիրտ-անօթային հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց համար տաքը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ՝ դէպի սիրտ եւ այլ կենսական կարեւոր օրկաններ արեան հոսքի հնարաւոր նուազման պատճառով։
Սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգ. նախապէս որոշ խնդիրներ ունեցած անձեր (օրինակ` զարկերակային գերճնշում կամ «քորոնըրի» զարկերակներու հիւանդութիւն) բարդութիւններու աւելի մեծ հաւանականութիւն ունին: Ախտանիշները կրնան սուր դառնալ եւ բարձրացնել սրտային տագնապներու վտանգը:
Ջրազրկում. տաք եղանակին մեծ է ջրազրկումի վտանգը, յատկապէս, եթէ մարդ բաւարար քանակութեամբ հեղուկ չի խմեր: Անիկա կրնայ յանգեցնել արեան խտացման, բարձրացնել սրտի վրայ ծանրաբեռնուածութեան եւ «թրոմպագոյացման» վտանգը:
Նախազգուշական միջոցներ բարդութիւններէն խուսափելու համար.
- տաքին խուսափիլ ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութենէն,
- թեթեւ եւ բաց գոյնի հագուստ կրել եւ կարելիութեան սահմաններու մէջ մնալ զով վայրերու մէջ,
- լրացուցիչ նախազգուշական միջոցներու մասին խորհրդակցիլ բժիշկի հետ: