Արեւոտ, տաք եւ խոնաւ եղանակի ազդեցութիւնը կրնայ ծանր հոգեբանական ախտանիշներ յառաջացնել, որ շտապ օգնութիւն կը պահանջեն: Այս մասին գրուած է Օլպանիի համալսարանի գիտնականներու կողմէ կատարուած հետազօտութեան մը մէջ, որոնք օգտագործած են Նիւ Եորք նահանգի եղանակի տուեալները եւ շտապ օգնութեան հիւանդանոցներ այցելութիւնները՝ գնահատելու համար, թէ ինչպէ՞ս եղանակային օրինաչափութիւնները կ՛ազդեն հոգեկան խանգարումներ ունեցող մարդոց վրայ:
Այդ բացայայտումները, որ հրապարակուած են Environment International ամսագրին մէջ, կրնան հիմք հանդիսանալ հիւանդներու խնամքի բարելաւման ռազմավարութիւններու մշակման համար։
Խումբը օգտագործած է եղանակային տուեալները NYS Mesonet-էն՝ UAlbany-ի կողմէ օգտագործուող Նիւ Եորքի իւրաքանիւր վարչական շրջանի եւ թաղամասի մէջ 126 մեթէօ-կայաններէ բաղկացած ցանց, որ կ՛արձանագրէ մթնոլորտի եւ հողի պայմանները 5 վայրկեան ընդմիջումներով: Անոնց հետազօտութեան մէջ ուսումնասիրուած է ջերմաստիճանի, արեւի ճառագայթման, յարաբերական խոնաւութեան, տաքութեան «ինտեքս»ի եւ անձրեւի/ձիւնի վերաբերեալ տուեալները:
Հետազօտութեան ընթացքին, Նիւ Եորքի մէջ արձանագրուած է 547 540 այցելութիւն հոգեբուժական շտապ օգնութեան բաժանմունք:
Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, որ բարձր ջերմաստիճանի, արեւու ճառագայթման եւ յարաբերական խոնաւութեան համադրութիւնը կը ներկայացնէ ծանր հոգեկան խանգարումներու ախտանշաններու յառաջացման մեծագոյն վտանգը։ Այդ «էֆեքթ»ը իր գագաթնակէտին կը հասնի՝ անցումային Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն։ Առաւել զօրաւոր ազդեցութեան ենթարկուած բնակչութեան շարքին, մասնաւորապէս, եղած են տղամարդիկ՝ սպանախօսներ եւ աֆրոամերիկացիներ 46-65 տարեկան:
Հոգեկան խանգարումներու որոշ դասակարգեր զգալիօրէն արձագանգած են եղանակային պայմաններու որոշ համակցութիւններուն: Օրինակ, հիւանդանոցներու մէջ շտապ օգնութեան սենեակ այցելութիւններու աճ նկատուած է նիւթերու օգտագործման հետ կապուած, երբ արեւային ճառագայթումը, ջերմաստիճանը, տաքութեան «ինտեքս»ը եւ խոնաւութիւնը բարձր էին: Տրամադրութեան խանգարումներու ծանր ախտանշանները, որոնք կը ներառեն «տիփրեշըն»ը եւ երկբեւեռ խանգարումը, համընկած են արեւու պակասի եւ տաքի հետ: