Ընդհանուր ակնարկ
«Կլոքոմա»-ն աչքի հիւանդութիւն մըն է, որ կը փճացնէ տեսողութեան ջիղը։ Այս վնասուածքը կրնայ առաջնորդել տեսողութեան կորուստի կամ կուրութեան։ Տեսողութեան ջիղը կ՛ուղարկէ պատկերային տեղեկութիւն աչքէն դէպի ուղեղ եւ կենսական է լաւ տեսողութեան համար։ Տեսողութեան ջիղի վնասուածքը յաճախ կապուած է աչքի բարձր ճնշումին հետ: Սակայն «կլոքոմա»-ն կրնայ յառաջանալ նոյնիսկ տիպիկ աչքի ճնշման պարագային:
«Կլոքոմա»-ն կրնայ պատահիլ որեւէ տարիքի, սակայն աւելի ընդհանրացած է տարեցներու մօտ։ Անիկա վաթսունը անց մարդոց կուրութեան հիմնական պատճառներէն մէկն է։
«Կլոքոմա»-ի շատ տեսակներ նախազգուշացնող նշաններ ցոյց չեն տար։ Ազդեցութիւնը այնքան աստիճանաբար տեղի կ՛ունենայ, որ կրնայ տեսողութեան փոփոխութիւնը չնկատուիլ մինչեւ հասնիլը վերջին փուլերուն։
Կարեւոր է կանոնաւոր ակնաբուժական քննութիւններ կատարելը, որոնք կը ներառեն աչքի ճնշման չափումներ: Եթէ «կլոքոմա»-ն կանուխ յայտնաբերուի, տեսողութեան կորուստը կրնայ կանխուիլ։
Եթէ ունիք «կլոքոմա», ուրեմն բուժման կամ վերահսկողութեան կարիքը ունիք ձեր ամբողջ կեանքին ընթացքին:
Ախտանշաններ
«Կլոքոմա»-ի ախտանշանները կախեալ են վիճակի տեսակէն եւ փուլէն։
«Օփըն-էնկըլ կլոքոմա» (Open-angle glaucoma)
- Կանուխ փուլերուն առանց ախտանշաններու․
- Աստիճանաբար, կողմնակի տեսողութեան մէջ բացութիւններ (Կողմնակի տեսողութիւնը կը կոչուի նաեւ ծայրամասային տեսողութիւն)․
- Հետագայ փուլերուն կեդրոնական տեսողութեան մէջ դժուարութիւն․
«Ըքիութ էնկըլ-քլոժըր կլոքոմա» (Acute angle-closure glaucoma)
- Վատ գլխացաւ․
- Աչքի զօրաւոր ցաւ․
- Սիրտխառնուք կամ փսխում․
- Մշուշոտ տեսողութիւն․
- Լուսապսակներ կամ գունաւոր օղակներ լոյսեուի շուրջ․
- Աչքի կարմրութիւն․
«Նորմըլ-թէնշըն կլոքոմա» (Normal-tension glaucoma)
- Կանուխ փուլերուն առանց ախտանշաններու․
- Աստիճանական մշուշոտ տեսողութիւն․
- Հետագայ փուլերուն կողմնային տեսողութեան կորուստ․
«Կլոքոմա» փոքրիկներուն մօտ (Glaucoma in children)
- Փայլք չունեցող կամ պղտոր աչք (նորածիններ)․
- Աչքի տեւական թարթում (նորածիններ)․
- Առանց լացի արցունքներ (նորածիններ)․
- Մշուշոտ տեսողութիւն․
- Կարճատեսութիւն, որ կը վատթարանայ․
- Գլխացաւ․
«Փիկմէնթըրի կլոքոմա» (Pigmentary glaucoma)
- Լոյսերու շուրջ լուսապսակներ․
- Մշուշոտ տեսողութիւն վարժութիւններով․
- Կողմնակի տեսողութեան աստիճանական կորուստ․
Պատճառներ
«Կլոքոմա»-ն կը զարգանայ, երբ տեսողութեան ջիղը կը փճանայ: Այս ջիղը աստիճանաբար վատթարանալով, տեսողութեան մէջ բացութիւններ կը յառաջացնէ: Միշտ յստակ չէ, թէ ինչպէ՞ս ճնշումը կը փճացնէ տեսողութեան ջիղը կարգ մը մարդոց պարագային, սակայն ոչ ուրիշներու։
Աչքի ճնշման բարձրացումը տեղի կ՛ունենայ այն հեղուկի կուտակման պարագային, որ կը հոսի աչքին մէջ: Այս հեղուկը, «ջրային հիւմըր»-ը, սովորաբար կը հոսի հիւսուածքի մը միջով, որ կը գտնուի ծիածանաթաղանթին եւ եղջերաթաղանթին միացման կէտին վրայ: Այս հիւսուածքը կը կոչուի «թրապեքիւլըր» ցանց։ Եղջերաթաղանթը կարեւոր է տեսողութեան համար, որովհետեւ կ՛օգնէ, որպէսզի լոյսը հասնի դէպի աչք: Երբ աչքը չափազանց շատ հեղուկ կ՛արտադրէ կամ ջրահեռացման համակարգը ճիշդ չ՛աշխատիր, աչքի ճնշումը կրնայ բարձրանալ:
Վտանգի գործօններ
Արդեօ՞ք «կլիւքոմա»-ի վտանգին ենթակայ էք։ Անոնք որոնք «կլիւքոմա» ունենալու բարձր վտանգին մաս կը կազմեն ափրիկեան, ասիական եւ սպանական ծագում ունեցող անհատներն են: Այլ բարձր վտանգի ենթակայ խումբերը կը ներառեն՝ 60-էն վեր մարդիկը, արդէն իսկ ախտորոշուածներու ընտանիքի անդամները, շաքարախտէ տառապողները եւ խիստ կարճատես մարդիկը:
Աչքի կանոնաւոր քննութիւնները կարեւոր են
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն՝ «կիւքոմա»-ն կուրութեան երկրորդ առաջատար պատճառն է աշխարհի մէջ։ Ձեր տեսողութիւնը «կլիւքոմա»-էն պաշտպանելու լաւագոյն միջոցը աչքի համապարփակ հետազօտութիւն կատարելն է: Ապա, եթէ ունիք «կլիւքոմա», բուժումը կրնաք սկսիլ անմիջապէս:
«Կիւքոմա»-ն կուրութեան առաջատար պատճառն է աֆրոամերիկացիներու մօտ: Իսկ սպանացիներու աւելի մեծ տարիքային խումբերու պարագային, «կիւքոմա»-ի վտանգը գրեթէ նոյնքան բարձր է, որքան աֆրոամերիկացիներուն մօտ:
Նաեւ, «կլիւքոմա»-ով ախտորոշուած անհատներու քոյրերուն եւ եղբայրներուն մօտ զգալիօրէն բարձր կ՛ըլլայ «կլիւքոմա» ունենալու վտանգը։