Կարգ մը ուտելիքներ կրնան օգտակար ըլլալ աչքերու առողջութեան համար, ըսած է սննդաբան Քերոլին Ուիլիամս:
Աչքերու համար շատ օգտակար է վիթամին A-ը, որովհետեւ կը զօրացնէ եղջերաթաղանթը եւ կը բարելաւէ տեսողութեան սրութիւնը։ Օրկանիզմին մէջ այս վիթամինին պակասը կրնայ յանգեցնել տեսողութեան «փիկմընթ ռոտոփսինի սինթըսիզ»ի հետ կապուած խնդիրներու, որու հետեւանքով կը յառաջանայ մթութեան մէջ առարկաները յստակ տեսնելու անկարողութիւն, փոխանցած է Yahoo Life-ը:
Սննդաբանը տուած է ութ ուտելիքներու անունները, որոնք հարուստ են աչքերու համար օգտակար «ռետինոլ»ով (վիթամին A) եւ այլ նիւթերով։
Այս վիթամինով առաջին կարգին հարուստ է գետնախնձորը։ Անիկա կը պարունակէ «քարոթինոիտ»ներ, որոնք կը գործեն որպէս «հակաօքսիտանթ»ներ։
Սպանախը, գանգուր կաղամբը եւ հաւկիթը նոյնպէս կը նպաստեն աչքերու առողջութեան բարելաւման: Այս ուտելիքները հարուստ են «լիութեին»ով եւ «զեակսանթին»ով, որոնք կը պաշտպանեն ցանցաթաղանթը։ Այս «փիկմընթ»ները կը գործեն որպէս «հակաօքսիտանթ»ներ, ինչպէս նաեւ՝ կը կլանեն կապոյտ լոյսի զգալի քանակութեամբ ճառագայթներ՝ չարտօնելով, որ ատոնք ներթափանցեն աչքին մէջ, որպէսզի լոյսէն յառաջացած ազատ «ռատիքալ»ները չվնասեն բջիջները:
Սննդաբանը կը յանձնարարէ նաեւ սննդականոնին մէջ ներառել ոստրէներ, որոնք «զինք» կը պարունակեն։
«Զինքը անհրաժեշտ է օրկանիզմին մէջ աւելի քան 300 «ֆերմենթ»ներու աշխուժացման համար, այն այլ «հակաօքսիտանթ»ներու հետ միասին, ինչպէս՝ «սելեն»ը, կը պաշտպանէ ցանցաթաղանթի սպիտակուցներու կառուցուածքն ու կայունութիւնը եւ անոր բջիջները՝ կանխելով եւ դանդաղեցնելով տեսողութեան կորուստը»,- ըսած է մասնագէտը։
Ամբողջ օրկանիզմին, այդ շարքին՝ աչքերու բջիջներու առողջութեան համար անհրաժեշտ է նաեւ վիթամին E, որու պակասը փոխհատուցելու եւ օրկանիզմին մէջ այդ վիթամինին բնական հաւասարակշռութիւնը պահելու համար մասնագէտը կը յանձնարարէ օրական ափ մը նուշ ուտել։
Չոր աչքի համախտանիշ ունեցող մարդոց մասնագէտը կը յանձնարարէ սննդականոնին մէջ աւելցնել իւղոտ եւ օմեկա-3-ով հարուստ ձուկ՝ իշխան, սարտին, սաղմոն եւ «մէքըրըլ»։
Մասնագէտը կը յանձնարարէ սննդականոնին մէջ ներառել նաեւ «բաբայա», որ «քաթարաքթ»ի զարգացումը դանդաղեցնող «լիքոփեն» եւ վիթամին C կը պարունակէ։
Աչքերու համար օգտակար ուտելիքներու ցանկին մէջ ընդգրկուած է նաեւ լուբիան: Սննդաբանը նշած է, որ առողջութեան համար կարեւոր է բարձր «կլիքեմիք ինտեքս» ունեցող ուտելիքները (օրինակ՝ «ռիֆայնտ» հացահատիկները, «էփըթայզըր»ները եւ շաքարով խմելիքները) փոխարինել ցած «կլիքեմիք ինտեքս»ով եւ բջիջանիւթով հարուստ ուտելիքներով, ինչպէս՝ օրինակ լուբիայի ընտանիքին պատկանող ուտելիքները եւ ամբողջահատիկները: