Անգլիոյ Լանքաշիր կոմսութեան Պլեքփուլ քաղաքէն Տէյվ Քրեմ «սեփսիս»-ը շփոթած է հարբուխի հետ, որուն պատճառով կորսնցուցած է իր ձախ ոտքը:
Յունուար 5-ին, Տէյվ ֆութպոլ խաղացած է իր ընկերներուն հետ: Խաղէն առաջ, ան վատ զգացած է, սակայն մտածած է, որ այդ մէկը սովորական հարբուխ է, հաղորդած է Daily Star-ը: Խաղէն ետք, անոր ոտքին վրայ սուր ցաւեր սկսած են, սակայն բժիշկը, որուն ան դիմած է, որեւէ գէշ բան չէ կասկածած եւ միայն ցաւազրկող նշանակած է:
Մէկ օր անցնելէն ետք, Տէյվին շտապ հիւանդանոց հասցուցած են, եւ հիւանդանոցին մէջ անոր մօտ «սեփսիս» ախտորոշած են: Անոր արհեստական քոմայի մէջ ձգած են եւ ուղարկած՝ վիրաբուժարան: Վիրաբուժները բացած են անոր ձախ ոտքը: Արեան քննութիւնը ցոյց տուած է, որ Տէյվին ունեցած ախտանիշները իրականութեան մէջ եղած են A խումբի սթրեփթոքոքքային «սեփսիս»-ի նշաններ:
Բժիշկները վստահ չէին, որ ան կ՛ապրի, որովհետեւ «սեփսիս»-ը շատ արագ կը տարածուի եւ կրնայ սպաննել 12 ժամուան մէջ: Քանի մը օր ետք, Տէյվին դուրս բերած են արհեստական քոմայէն, եւ ան այնքան տկար եղած է, որ մէկ օրուան մէջ սիրտի 3 կանգ եւ ներքին օրկաններու կանգ ունեցած է: Բժիշկները փորձած են կտրել ոտքին վնասուած հիւսուածքները, սակայն պարզուած է, որ վերջոյթը շատ վնասուած է, եւ ոտքը ստիպուած եղած են անդամահատելու:
Յունուար 16-ին՝ իր 40-րդ տարեդարձին օրը, Տէյվ վտանգաւոր գործողութեան ենթարկուած է: Ան, մինչեւ այսօր, ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի եւ դեռ քանի մը ամիս պէտք է մնայ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ:
Տէյվին հարազատները այս պատմութիւնը պատմած են՝ փափաքելով հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւել «սեփսիս»-ի խնդիրին: Անոնք կը պնդեն, որ եթէ կանուխ գիտնային ատոր նշաններուն մասին, ապա կարելի կ՛ըլլար ոտքը փրկել: Տէյվին ընտանիքը գումար կը հաւաքէ փրոթեզի համար: