Նախասրտի «ֆիպրիլէյշըն» («րէտիընթ առիթմիա»-խմբ.) ունեցող կիներու մօտ մտային խախտումները եւ «տիմենշիա»ն աւելի արագ կը զարգանան, քան տղամարդոց մօտ, նշուած է այն հետազօտութեան մէջ, որ ներկայացուած է Սրտաբաններու եւրոպական ընկերութեան (ESC) գիտական քոնկրեսին մէջ՝ ACNAP 2023-ին, եւ հրապարակուած է Alzheimer’s & Dementia ամսագրին մէջ։
Նախասրտերու «ֆիպրիլէյշըն»ը սրտի «ռիթմի» առաւել տարածուած խախտումն է, որով կը տառապին աւելի քան 40 միլիոն մարդ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Այս հիւանդութիւնը ունեցող մարդոց մօտ կաթուածի հաւանականութիւնը հինգ անգամ աւելի է, քան անոնց առողջ հասակակիցներուն մօտ։ Կիներու մօտ նախասրտերու «ֆիպրիլէյշըն»ի ախտանշանները աւելի զօրաւոր կ՛արտայայտուին, քան տղամարդոց մօտ, եւ անոնք աւելի վատ կը տանին այդ հիւանդութիւնը. մահուան հաւանականութիւնը աւելի մեծ է, իսկ կաթուածը աւելի յաճախ կը յանգեցնէ հաշմանդամութեան։
«Տիմենշիան» աւելի յաճախ կը պատահի կիներու պարագային քան՝ տղամարդոց։ Նախասրտերու «ֆիպրիլէյշըն»ը կապուած է մտային խախտումներու եւ «տիմենշիա»ի բարձր վտանգի հետ, հաւանաբար այն պատճառով, որ այդ հիւանդութիւնը կապուած է համր կաթուածներու աւելի քան կրկնակի վտանգի հետ։ Համր կաթուածներու եւ ատոնց հետ կապուած՝ ուղեղի վնասուածքներու կուտակումը ժամանակի ընթացքին կրնայ նպաստել մտային խախտումներու յառաջացման։ Կաթուածի կանխարգիլումը «հակաքոէկիւլընդ»ներու ընդունման օգնութեամբ հիմնականն է նախասրտերու «ֆիպրիլէյշըն»ի բուժման ժամանակ եւ կրնայ նուազեցնել «տիմենշիա»ի յառաջացման վտանգը։
Այս իր տեսակին մէջ առաջին հետազօտութիւնն է՝ բազմածրագրային տուեալներու օգտագործումով, նախասրտերու «ֆիպրիլէյշըն»ի եւ «տիմենշիա»ի յառաջացման յետագիծ ունեցող հիւանդներու սեռական տարբերութիւններու ուսումնասիրման համար։ Հետազօտութեան մէջ ներառուած եղած են 43 630 մասնակիցներ Ալզհայմըրի հիւանդութեան ազգային համակարգող կեդրոնի «քոհորթէն» (NACC), որու մէջ 1984-էն մտած են տարիքով մեծեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր բնակչութենէն։
Անոնցմէ 4 593-ը (11 առ հարիւր) սկիզբը ունեցած է նախասրտերու «ֆիպրիլէյշըն», իսկ 39 037-ը (89 առ հարիւր) չէ ունեցած։ Միջին տարիքը 78,5 էր, եւ անոնց 46 առ հարիւրը կիներ էին։
Նախասրտերու «ֆիպրիլէյշըն» ունեցող կիներու մօտ մտային խախտումներու եւ «տիմենշիա»ի յառաջացման հաւանականութիւնը մեկնարկային մակարդակին երեք անգամ աւելի բարձր եղած է նախասրտերու «ֆիպրիլէյշըն» չունեցող կիներու համեմատ, 3,43 (չափաւոր մտային խախտում) եւ 3,00 («տիմենշիա») յարաբերակցութեամբ։ «Շանս»երու յարաբերակցութիւնը տղամարդոց մօտ եղած է 1,73 եւ 1,60 համապատասխանաբար, բայց այդ միացութիւններէն ոչ մէկը վիճակագրօրէն նշանակալի եղած է տղամարդոց մօտ։
Դիտարկումներու չորս տարուան ընթացքին մասնակիցներու 30 առ հարիւրին մօտ մտային խախտումները սաստկացած են՝ հասնելով աւելի ծանր վիճակի, իսկ 21 առ հարիւրի մօտ «տիմենշիա» յառաջացած է։