Քարտիոլոճիի ամերիկեան ընկերութեան եւ Mayo Clinic-ի (քլինիք մը, որ նուիրուած է առողջութեան, կրթութեան եւ հետազօտութիւններու) մասնագէտները Health News-ին յայտնած են, որ ձմրան առողջ մնալու համար բաւարար պտուղներ եւ բանջարեղէն ուտելը լաւ գաղափար է:
Պտուղները եւ բանջարեղէնը կը պարունակեն մանրաթելեր, վիթամիններ, հանքանիւթեր եւ «հակաօքսիտընդ» միացութիւններ, որոնք օգտակար են առողջութեան համար: Բջիջանիւթը սննդային մանրաթել է, որ բնական կը դարձնէ աղիքներու աշխատանքը: «Հակաօքսիտընթ» միացութիւնները կը պաշտպանեն մարմնի բջիջները «օքսիտացումի» հետեւանքով յառաջացած վնասներէն: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը մեծերուն կը յանձնարարէ օրական հինգ չափաբաժին պտուղ եւ բանջարեղէն օգտագործել: Մէկ չափաբաժին կը նշանակէ մէկ միջին չափի պտուղ կամ արմատային բանջարեղէն:
Աւելի լաւ է օգտագործել եղանակային պտուղներ եւ բանջարեղէն՝ մանտարին, նարինջ, տանձ, ստեպղին, ճակնդեղ ու շողգամ: «Սիթրըս» պտուղները եւ տանձը կը պարունակեն վիթամին C, որ անհրաժեշտ է դիմադրողականութիւնը պահպանելու համար։ Անոնք նաեւ հարուստ են վիթամին A-ով, որ կը նպաստէ բնական տեսողութեան սրութեան եւ սրտանօթային առողջութեան: Այս վիթամինը նաեւ կը բարելաւէ օրկանիզմի՝ օտար նիւթերն ու բջիջները ճանչնալու եւ հեռացնելու ունակութիւնը:
Ստեպղինը, շողգամը եւ ճակնդեղը հարուստ են A, C, K եւ B վիթամիններով, ինչպէս նաեւ հանքանիւթերով, ինչպէս՝ «քալսիում»ը եւ «մակնիզիում»ը, որոնք անհրաժեշտ են արեան մակարդման, ինչպէս նաեւ ոսկորներու եւ սրտի առողջութեան համար: