Մեծն Բրիտանիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով ցօղունային բջիջներ օգտագործած են մանուկի մը սրտին արատը բուժելու համար։ Պրիսթոլի համալսարանի գիտնականներու ձեռքբերումներուն մասին տեղեկացուցած է Live Science-ը։
Ֆինլի անունով փոքրիկ տղան ծնած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ երկու տարի առաջ։ Ծնելէն չորս օր ետք, ան սրտի բաց գործողութեան ենթարկուած է։ Փոքրիկը սրտի հազուադէպ արատով ծնած էր՝ գլխաւոր անօթներու տեղափոխութիւն՝ «թրանսփոզիշըն»։ Այս արատին պարագային գլխաւոր զարկերակը՝ «աորթան» եւ թոքերու ցօղունը տեղերու իմաստով փոխուած կ՛ըլլան, ինչ որ կը յանգեցնէ օրկանիզմի թթուածնային քաղցի եւ սրտային անբաւարարութեան։
Երբ փոքրիկը քանի մը շաբաթ անցուցած է «ինթենսիվ թերափի»ի բաժամունքին մէջ, բժիշկ, Պրիսթոլի բժշկական դպրոցի սրտի բնածին արատներու վիրաբուժութեան փրոֆեսոր Մասիմօ Քափութոն Ֆինլիի ծնողներուն առաջարկած է սրտին մէջ ցօղունային բջիջներու ներարկման տարբերակը։ Փոքրիկին անօթները վնասուած էին առաջին գործողութեան ժամանակ եւ ան շատ դանդաղ կը վերականգնէր ու նոյնիսկ կրնար մահանալ։
Բժիշկ Քափութօ ստեղծած է սպեղանի մը, որ կ՛ընդգրկէ «տոնորական» ցօղունային բջիջներ, որ գործողութեան ժամանակ պէտք է ներարկել սրտին մէջ։ Ի տարբերութիւն «սթանտարտ սինթեթիք» սպեղանիներու կամ սրտի փոխուող փականներու, այդ սպեղանիները պէտք չէ փոխել փոքրիկի մը մեծնալուն զուգընթաց։
Բժիշկ Քափութոյի սպեղանին տակաւին պէտք է լրամշակուի, ուստի Ֆինլիի սրտի երկրորդ բաց գործողութեան ժամանակ ամրացուած են ցօղունային բջիջներ։ Գիտնականը կ՛ենթադրէ, որ այդ կ՛արտօնէ սրտին աւելի լաւ վերականգնիլ եւ արեան շրջանառութիւնը փոքրիկին սրտին մէջ աւելի առողջ կ՛ըլլայ։ Ինչպէս տեղեկացուցած է Live Science-ը, ծնողները ցօղունային բջիջներու ներարկումէն երկու շաբաթ ետք դրական փոփոխութիւն նկատած են Ֆինլիի առողջական վիճակին մէջ։