Փորթուկալի մէջ մանուկ մը ծնած է դէմքի հազուադէպ արատով՝ ան չունի աչքեր, քիթ եւ գանկի մէկ մասը:
Correio da Manha պարբերականը յայտնած է, որ բժիշկները կը կարծէին, թէ փոքրիկը կ՛ապրի ընդամէնը քանի մը ժամ, բայց երկու շաբաթ ետք, ան կրցած է ինքնուրոյն շնչել եւ ուտել շիշէն:
Յատկանշական է, որ յղութեան ամբողջ ընթացքին, զոյգը բարեխղճօրէն յաճախած է հիւանդանոց, իսկ մանկաբարձը անոնց միշտ ըսած է, որ ամէն ինչ լաւ է: Հիմա անոր դէմ քննութիւն սկսած է:
Լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններով՝ անցեալին, այս մանկաբարձին վերաբերեալ արդէն բողոքներ ներկայացուած էին: Օրինակ՝ երկիրի բնակիչներէն մէկը անոր մեղադրած էր այն բանի համար, որ իր մանուկը ծնած է առանց կզակի եւ սերտաճած մատներով: