Խումբ մը միջազգային հետազօտողներ եկած են այն համոզումին, որ COVID-19 նոր տիպի քորոնա ժահրով վարակուելու վտանգը փոքրիկներու մօտ նոյնքան մեծ է, որքան մեծահասակներու մօտ: Այդ մասին յայտնած են չինական Զանգուածային Լրատուամիջոցները, տեղեկացուցած է «Արմենփրես»-ը:
Մասնագէտները, հետազօտութեան ընթացքին, վերլուծած են քորոնա ժահրին վերաբերող տուեալները, որոնք հաւաքուած են Շենչժեն հարաւչինական քաղաքին մէջ: Ատոնք ցոյց տուած են, որ 10-էն վար տարիքով փոքրիկներու եւ մնացեալ բնակչութեան՝ քորոնա ժահրով հիւանդութեան ցուցանիշներուն միջեւ էական տարբերութիւն չկայ:
«Ակնկալելի է, որ անոնք այն բանի առաջին ստոյգ ապացոյցերն են, որ փոքրիկները նոյնքան դիւրութեամբ կրնան վարակուիլ նոր տիպի քորոնա ժահրով, որքան մեծահասակները»,- ըսած է Հոնքոնկի համալսարանի համաճարակաբան-բորբոքումի մասնագէտ Պեն Քոուլինկ: Աւելի կանուխ, խումբ մը արեւմտեան փորձագէտներ կը պնդէին, որ փոքրիկները նուազ չափով ենթակայ են նոր քորոնա ժահրով վարակուելուն, քան մեծահասակները այն պարագային, երբ վտանգի յատուկ խումբի մէջ տարեցներն են:
Չինաստանի Առողջապահութեան պետական կոմիտէի վերջին տուեալներուն համաձայն՝ երկիրին մէջ անցնող 24 ժամուան ընթացքին, Covid-19 քորոնա ժահրով վարակուելու հետեւանքով, մահացած է 31 մարդ, իսկ յայտնաբերուած՝ 143 նոր հիւանդացող: Անցեալ տարուան Դեկտեմբերէն, համաճարակին սկսելէն ի վեր, երկիրին մէջ արձանագրուած է հիւանդանալու 80 հազար 552 դէպք եւ մահացած՝ 3420 մարդ:
Միեւնոյն ժամանակ, գրեթէ 53,7 հազարէն աւելի մարդ ապաքինուած եւ դուրս գրուած է բժշկական հիմնարկներէն: Երկիրի Առողջապահութեան հարցերու պետական կոմիտէին կողքին, Բժշկական գիտութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու զարգացման կեդրոնի տնօրէն Չժեն Չժունվէյ, Մարտ 6-ին, յայտարարած է, որ Չինաստան յոյս ունի Ապրիլին սկսելու նոր քորոնա ժահրի դէմ մշակուող պատուաստանիւթերու մէկ մասի քլինիքական փորձարկումները:
Նոյն օրը, աւելի կանուխ, Չինաստանի գիտութիւններու ակադեմիոյ քարտուղարի տեղակալ, ակադեմիկոս Չժոու Ցին յայտարարած է, որ COVID-19 ժահրի մէջ տեղի ունեցած «միւթէյշըն»-ները չեն ազդած պատուաստանիւթի մշակման գործընթացին վրայ: «Մեր գնահատումներով՝ առկայ է այն բանի յոյսը, որ Ապրիլին պատուաստանիւթերու մէկ մասը կը յանձնուի քլինիքական փորձարկումներու կամ շտապ կիրառումի՝ սահմանուած օրէնսդրական կարգին համապատասխան»,- յայտարարած է Չժեն Չժունվէյ, հաղորդած է «Ինթըրֆաքս»-ը: