Քաղցկեղը այլեւս տարեց մարդոց հիւանդութիւնը չէ։ Ամերիկացի բժիշկները կը նշեն, որ երիտասարդներու մօտ հետզհետէ կ՛աւելնայ քաղցկեղի ախտորոշումը, կը գրէ «The Wall Street Journal»ը (WSJ):
Իսկ արդեօք ի՞նչ է այս վիճակին պատճառը, բժիշկները կը դժուարանան նշելու։ Վատառողջ ապրելաձեւը չի կրնար ամբողջութեամբ բացատրել իրավիճակը, կ՛ընդգծեն անոնք։
Մինչեւ 50 տարեկան քաղցկեղով հիւանդներու թիւի կտրուկ աճ արձանագրուած է Հիւսիսային Ամերիկայի, Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Աւստրալիոյ մէջ։
«Հիւանդները երիտասարդներ են։ Այս մէկը, հաւանաբար, պայմանաւորուած է միջավայրի փոփոխութեամբ, մեր սնունդի, դեղորայքի… հետ, որ մենք տակաւին չենք յայտնաբերած»,- վիճակագրութիւնը մեկնաբանած է տոքթոր Անտրէա Չերճեքը։
Առողջութեան վրայ բացասաբար ազդող գործօններու շարքին ան նշած է ցած ֆիզիքական «աքթիվութիւնը», բարձր վերամշակուած ուտելիքներու օգտագործումը, նոր «թոյն«երու, «միքրոփլասթիք»ի յառաջացումը եւ գիրութիւնը: