Փոքրիկներու «սենսըր»ային աշխարհը (sensory world) սկզբունքով կը տարբերի մեծերէն. փոքրիկներու բերանին մէջ մօտաւորապէս 30,000 համային «ռիսեփթըր» կայ, եւ 18 տարեկանին մօտաւորապէս ատոնցմէ կը մնայ միայն մէկ երրորդը։ Փոքրիկի մը «ռիսեփթըր»ներուն մեծ մասը հակամէտ է քաղցր եւ իւղոտ սնունդին, որովհետեւ մայրական կաթը հարուստ է շաքարներով եւ ճարպերով։ Հետեւաբար, «ուաֆըլ»է գաւաթով առաջին պաղպաղակը կամ շոքոլայէ շաքարը որպէս Նոր Տարուան նուէր կը դառնայ զօրաւոր յուզումներու եւ տպաւորութիւններու աղբիւր, որոնք մեծերը ի վիճակի չեն զգալու։
«Փոքրիկներու քաղցրի հակումը շատ աւելին է, քան մեծերունը, եւ անիկա չի նուազիր մինչեւ ուշ դեռահասութիւն»,- բացատրած է Monell Chemical Senses Centre-ի գիտնական Ճիւլի Մենելլա (Julie Mennella)։
Փոքրիկները աւելի զգայուն են դառնահամի նկատմամբ, որովհետեւ օրկանիզմը կը մերժէ զանոնք՝ ըսենք «փոթենշըլ» թոյն։ Հետեւաբար, երբ մենք գաղտնի գարեջուր եւ այլ ալքոլ պարունակող խմիչքներ փորձած ենք, չենք կրցած հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կրնան մեծերը խմել այդ զզուելի բաները։ Նոյն պատճառով փոքրիկները չեն կրնար հանդուրժել կանաչիները, որոնց պարագային դառն համ կը զգան։
Յատկանշական է, որ մեծնալուն եւ «ռիսեփթըր»ներու պակսելուն զուգահեռ՝ մենք կը «համակերպինք» այն ուտելիքներու համին, որոնք մանկութեան մեզի համար ուտելի չէին թուիր։ Հետազօտութեան տուեալներով, որ կատարուած է բրիտանական ուտելիքներու արտադրող Butterkist ընկերութեան նախաձեռնութեամբ, սխտորը եւ սոխը կերակրատեսակներուն մէջ կը սկսին սիրել 20 տարեկանին, իսկ սպանախը, սմբուկը եւ պուլկարական պղպեղը՝ 21-ին։ «Մեծերու» ուտելիքի ցանկին մէջ են նաեւ մանր վարունգէ թթուաշը, լուբիան, ծովաբողկը եւ միտիաները (mussels)։
Կայ վարկած մը, որ մանուկները կը ծնին «սինեսթեզիա»ով՝ զգայական ընկալում, որու ընթացքին որեւէ զգացողութիւն ձեռք կը ձգէ յաւելեալ յատկանիշներ եւ կը դառնայ եռաչափ։ Այսինքն՝ փոքրիկ մը կրնայ ոչ միայն զգալ համը, այլեւ «լսել» անոր ձայնը եւ «տեսնել» գոյնը»։ Եթէ այդպէս է եւ մենք բոլորս մեր մանուկ հասակին ունեցած ենք «սինեսթեզիա», իսկ ետքը կորսնցուցած ենք այդ «կախարդանք»ը տարիներու ընթացքին, զարմանալի չէ, որ երշիկով «սանտուիչ»ը, որ կերած ենք եօթներորդ դասարանին, պիտի յիշենք ամբողջ կեանքի ընթացքին։