Փոքրիկներուն պէտք է գիրքերու հետ ծանօթացնել ոչ թէ դպրոց յաճախելու նախապատրաստութեան ժամանակ, այլ շատ աւելի կանուխ՝ 6 ամսականէն սկսեալ: Այսպիսի կարծիք յայտնած է մանկաբուժ Կարինէ Լեփեճեան (Միացեալ Նահանգներ):
Անոր խօսքով՝ այն փոքրիկները, որոնք տակաւին չեն կրնար կարդալ, կրնան գիրքերով խաղալ, անոնց ձեռք տալ, նայիլ, տանիլ բերանը, եւ այս բոլորը կը նպաստեն անոնց զարգացման: Բայց նման խաղերու համար, բնականաբար, աւելի լաւ է փոքրիկներուն տալ ոչ թէ սովորական գիրքեր, այլ յատուկ՝ նախատեսուած փոքրիկներու համար. այդպիսի գիրքեր շատ հաստ էջեր ունին, որոնք մանուկը չի կրնար պատռել: Անոնց վրայ նաեւ պարզ վառ պատկերներ կան, որոնք մանուկին, հաւանաբար, կը հետաքրքրեն:
Ծնողները նոյնպէս կրնան փոքրիկներու հետ միասին խաղալ՝ անոնց պատմելով, թէ ի՞նչ է գիրքը, ցոյց տալով, թէ ինչպէ՞ս էջերը կը թերթատեն, պատմել գոյներու, չափերու մասին: Այսպիսով, փոքրիկը այդպիսի գիրքերու միջոցով կը ճանչնայ աշխարհը:
«Երբեք մի՛ մտածէք, որ տակաւին կանուխ է փոքրիկին գիրք տալ եւ որ փոքրիկը ոչ մէկ բան կը հասկնայ: Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ եթէ փոքր տարիքէն փոքրիկին վարժեցնէք գիրքերուն, արդէն դպրոցին մէջ կարդալը անոր համար կ՛ըլլայ ոչ թէ դասերուն պատրաստուելու ծիրին մէջ պարտադրուած գործողութիւն, այլ իսկական հաճոյք: Ուստի, որքան կարեւոր է փոքրիկներուն յատուկ գիրքեր տալ 6 ամսականէն սկսեալ», – ըսած է մասնագէտը:
Մասնագէտին խօսքով՝ ոչ նուազ կարեւոր է մանուկներու համար գիրքեր կարդալը եւ անոնց տարբեր պատմութիւններ պատմելը. այս բոլորը նոյնպէս կը նպաստեն անոնց զարգացման:
«Նախադպրոցական տարիքի փոքրիկները սպունգի պէս կը կլլեն նոր տեղեկութիւնը: Որքան շատ գիտելիք կարողանանք տալ փոքրիկին կանուխ մանկութեան տարիներուն, այնքան լաւ կը զարգանայ անոր ուղեղը, եւ այնքան լաւ կը բացայայտուի իր ներուժը հետագային », – ըսած է մասնագէտը: