Փոքրիկներու սննդային ուղեցոյցները պէտք է ներառեն աւելի գործնական խորհուրդներ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է անոնց սորվեցնել բանջարեղէն սիրել եւ ուտել, կ՛ըսեն Ֆլինտերսի համալսարանի Ապագայի համար հոգածութեան հիմնարկի սնունդի եւ սննդագէտի մարզի հետազօտողները:
Աւստրալիոյ մէջ առողջութեան վիճակի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ 2-17 տարեկան անձերու միայն 6%-ը կ՛ուտէ բանջարեղէնի յանձնարարուած քանակը: Փորձագէտներու կարծիքով՝ անհրաժեշտ են աւելի անհատականացուած, գործնական խորհուրդներ այն մասին, թէ ինչպէս փոքրիկներուն բանջարեղէն առաջարկել եւ ընդլայնել ատոնց օգտագործման չափը:
Մասնագէտներու կարծիքով՝ սնունդի նախապատւութիւնները փոքրիկին մօտ կը հաստատուին կեանքի առաջին հինգ տարիներուն: Ուստի շատ կարեւոր է փոքր տարիքին առողջ սննդային վարքագիծ ձեւաւորել՝ փոքրիկին աճին եւ զարգացման եւ առողջ սննդային սովորութիւններուն աջակցելու համար:
Գիտնականներու խօսքով՝ ամբողջ կեանքի ընթացքին բանջարեղէնի անբաւարար օգտագործումը կ՛ազդէ առողջութեան վրայ, ներառեալ քրոնիկ հիւանդութիւններու, ճարպակալման եւ աւելորդ կշիռքի վտանգը: Ահա թէ ինչու այդքան կարեւոր է կանուխ տարիքէն փոքրիկներուն սորվեցնել բանջարեղէն՝ կանաչ լուբիա, ոլոռն, ստեպղին եւ կաղամբ սիրել:
Որոշ փորձագէտներ կը պնդեն, որ բանջարեղէն սիրելու հիմքերը կարելի է դնել նոյնիսկ մանուկի ծնելէն առաջ, եթէ մայրը յղութեան ընթացքին եւ կուրծքով կերակրելու ժամանակ շատ բանջարեղէն կ՛ուտէ, այդ կրնայ ազդել փոքրիկին սննդային նախասիրութիւններուն վրայ: