Փոքրիկներու համար նախատեսուած ամանորեայ նուէրներու պատրաստ հաւաքածօներու մէջ ներառուած քաղցրաւենիքի բաղադրութիւնը շատ ծնողներու համար հարցեր կը յառաջացնէ։ Սննդաբան Աննա Քորոպքինան ըսած է, որ բաղադրիչներու մեծ մասը ինքնին անվնաս են, սակայն գալով նուէրի որակին, ծնողներու միտքը աւելի հանգիստ ըլլալու համար, կրնան իրենք ինքնուրոյն պատրաստել հաւաքածօն։
Հրուշակեղէնի արտադրութեան մէջ յաճախ կրնան օգտագործուիլ բուսական ճարպեր, ներառեալ արմաւենիի եւ «քոքոնաթ»ի իւղ։ Սակայն, փորձագէտին համաձայն, աւելի մեծ հարցեր կը յառաջացնեն կաթի ճարպի փոխարինիչները, «թրանս» ճարպերը եւ մարկարինը։ Դասական «թրանս» ճարպերը ուղղակի քաղցկեղածին են, որոնք, ինչպէս կը բացատրէ բժիշկը, կրնան ազդել բջիջներու, DNAի վրայ եւ յանգեցնել տարբեր հիւանդութիւններու, այդ շարքին՝ քաղցկեղի։
Սննդաբանը կը նշէ, որ քաղցրաւենիքը կրնայ պարունակել «անվնաս» նիւթեր՝ «ասքորպինաթթու», խնձորաթթու, հակաօքսիտանդներու կարգին պատկանող ներկանիւթեր, «լեսիթ»ներ, սակայն ատոնք յաճախ կը ծածկագրուին վանող «քոտ»երով՝ E տառով։
Սնունդի մէջ օգտագործուող որեւէ ճարպի քանակը պէտք է վերահսկուի յատկապէս փոքրիկներու պարագային, կը յայտնէ փորձագէտը։
«Մանկական գիրութիւնը աճ կ՛արձանագրէ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ այդ կրնայ յանգեցնել գիրութեան չափահաս տարիքին: Ասոնք «մեթապոլիք» ախտանշաններու համակցութիւն են, որոնք կապուած են շաքարախտի, անօթային խնդիրներու, «աթերոսքլերոզ»ի եւ կանուխ անօթային իրադարձութիւններու հետ: Շատ փիքր է այն մարդոց տոկոսը, որոնք մանկութեան տարիներուն գէր եղած են եւ հասուն տարիքին կրցած են յաղթահարել այդ խնդիրը»,- կ՛ըսէ սննդաբանը։
Սպառուող քաղցրաւենիքի քանակը նոյնպէս պէտք է համաչափ ըլլայ, իսկ շաքարավազը որպէս այդպիսին չի յանձնարարուիր մինչեւ երեք տարեկան փոքրիկներուն, կ՛ընդգծէ բժիշկը։
«Քաղցր նուէրները անխուսափելի են, քաղցրեղէնը միշտ կապուած է հաճոյքի հետ։ Բայց կարեւոր է կտրել այն կապը, որ քաղցրեղէնը հաւասար է տօնի, քաղցրութիւնը՝ պարգեւի: Թող փոքրիկը Նոր տարին կապէ ընկերներու, սիրելիներու, հարազատներու հետ հանդիպելու, ինչպէս նաեւ՝ տօնածառը զարդարելու հետ։ Ոչ մէկ պարագայի պէտք է քաջալերել կամ պատժել քաղցրաւենիքով։ Եթէ չէք կրնար առանց քաղցր նուէրի, ապա պէտք է հաշուի առնէք այն փաստը, որ փոքրիկը պէտք է թափէ քաղցրէն ստացած ներուժը»,- կ՛ըսէ Աննա Քորոպքինան։
Սննդաբանը կը յանձնարարէ ինքուրոյն քաղցր նուէր պատրաստել։ Ատոր մէջ կարելի է լեցնել «փեքթին» պարունակող քաղցրաւենիք՝ խնձորի մարշալ, «մարմըլէյտ», կրնաք նաեւ ընկոյզ դնել տուրմի կամ «եոկուրթ»ի ջնարակի մէջ, պիստակներ եւ պտուղներ։ Աւելի օգտակար կ՛ըլլան նաեւ առանց շաքարի քաղցրաւենիքները, որոնք «սթեվիա»ն կ՛օգտագործեն որպէս շաքարը փոխարինող, կ՛եզրափէ փորձագէտը։