Մեծն Բրիտանիոյ Լիվըրփուլի համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ փոքրիկները չափէն աւելի կ՛ուտեն, երբ ձանձրանան։ Ձանձրոյթի պատճառով ուտելու այս սովորութիւնը կրնայ աւելորդ կշիռքի պատճառ դառնալ։ Արդիւնքները հրապարակուած են «Nutrients» ամսագրին մէջ:
Բրիտանացի գիտնականները փորձը կատարած են չորսէն հինգ տարեկան փոքրիկներ ունեցող 119 ընտանիքի հետ։ Ծնողներէն խնդրած են նկարագրել իրենց փոքրիկներուն բնաւորութիւնը եւ ուտելու սովորութիւնները: Ապա, փորձի մասնակիցներուն օգնած են ստեղծելու ծանօթ միջավայր ուտելու համար եւ ուտելիք տրամադրած են անոնց։
Վերլուծումը ցոյց տուած է, որ ձանձրացած փոքրիկները միջին հաշիւով 36 «քալորի» աւելի օգտագործած են: Գիտնականները բացատրած են, որ շատ փոքրիկներ յաճախ կ՛ունենան այս զգացումը։ Սնունդի միջոցով ձանձրոյթը յաղթահարելու սովորութիւնը կրնայ յանգեցնել չափէն աւելի ուտելու: Աւելորդ «քալորի»ներու կուտակումը իր կարգին կը յանգեցնէ բացասական հետեւանքներու՝ ճարպային կուտակումներու ձեւով։
Մասնագէտները ընդգծած են, որ կարեւոր է սորվեցնել փոքրիկներուն, որ ինքնուրոյն գտնեն սնունդի հետ կապ չունեցող միջոցներ, որպէսզի զբաղին եւ կանխեն չափէն աւելի ուտելը: