Փոքրիկին համոզելու փորձերը, որ չի փափաքած կերակուրը ուտէ, կրնայ ապարդիւն ըլլալ, ինչ որ յաճախ կը յանգեցնէ լացուկոծի եւ «հիսթերիա»ի: Շատ ծնողներ ապրած են այս փորձառութիւնը:
Նոր հետազօտութիւնը, որ իրագործած են Լոնտոնի Համալսարանական քոլէճի, Քինկզ քոլէճի եւ Լիտցի համալսարանի գիտնականները, ցոյց տուած է, որ փոքրիկներու սնունդի հետ կապուած քմահաճութիւնը «զգալիօրէն ժառանգական է»։ Այլ գործօններ, ինչպէս՝ ուտելիքներու տեսքը (որոնք փոքրիկները կ՛ուտեն տան մէջ), եւ զանոնք մատուցուող միջավայրը, կրնան նշանակութիւն ունենալ միայն այն ժամանակ, երբ երեխան շատ փոքր է, տեղեկացուցած է CNN-ը։
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կատարուած հետազօտութեան մասնակցած են 2007 թուականին ծնած աւելի քան 2000 միաձու եւ տարաձու երկուորեակներ։ Ծնողները պատասխանած են 16 ամսականէն մինչեւ 13 տարեկան փոքրիկներու սննդային վարքագիծին վերաբերեալ հարցումներուն: Միաձու երկուորեակներու մեծամասնութիւնը ունի 100 տոկոս ընդհանուր ժառանգական նիւթ, մինչդեռ տարաձու երկուորեակները՝ ոչ, ինչ որ կ՛արտօնէ հետազօտողներուն բաղդատելու ժառանգականութեան եւ միջավայրի ազդեցութիւնը երկու խումբերուն ուտելու սովորութիւններուն վրայ եւ անոնցմէ եզրակացութիւններու յանգելու:
Հետազօտութիւնը նաեւ ցոյց տուած է, որ յատուկ սնունդի պահանջքը կը հասնի գագաթնակէտին, երբ փոքրիկը կ՛ըլլայ 7 տարեկան եւ քիչ մը կը նուազի, երբ ան կը մտնէ պատանեկութիւն:
Գիտնականները բացայայտած են, որ միջավայրի գործօնները կրնան ազդել նաեւ փոքրիկին սննդային նախասիրութիւններուն վրայ կանուխ տարիքին: Այս կ՛ենթադրէ, որ եթէ փոքրիկը այդ տարիքին անտարբեր է ուտելիքի նկատմամբ, ապա կանուխ միջամտութիւնը, որ կ՛օգնէ անոր սորվելու ընդունիլ ուտելիքի աւելի լայն տեսականի, հետագային կրնայ նուազեցնել անոր քմահաճութիւնը: