«Փրոպայոթիք»ները կրնան օգնել բարելաւելու նախատիապեթ ունեցող հիւանդներու «կլիւքոզ»ի եւ «լիփիտ»ներու փրոֆայլը։ Այս մասին նշուած է այն հետազօտութեան մէջ, որ հրապարակուած է Diabetology & Metabolic Syndrome Journal ամսագրին մէջ, տեղեկացուցած է Medical Dialogue պարբերականը:
Նախատիապեթը այն վիճակն է, որ կը բնութագրուի արեան մէջ «կլիւքոզ»ի բարձր մակարդակով, ինչ որ կրնայ յանգեցնել 2-րդ տեսակի տիապեթի յառաջացման։ Իսկ այս լուրջ խնդիր է առողջապահութեան համար։ Աղիքներու «միքրոպիոմ»ը կրնայ դեր խաղալ «ինսուլին»ի հանդէպ զգայունակութեան կարգաւորման գործին մէջ եւ ազդել «կլիւքոզ»ի մակարդակին վրայ։ Հետազօտութիւնը ուղղուած էր նախատիապեթ ունեցող հիւանդներու «կլայքեմիք» եւ «լիփիտային» փրոֆայլներու վերահսկման վրայ «փրոպայոթիք»ներու հնարաւոր ազդեցութեան ուսումնասիրման։
Հետազօտութեան գործընթացը եւ արդիւնքները
Հետազօտութիւնը կատարուած է Իրանի բժշկական գիտութիւններու Մեշհետի համալսարանի Կաեմի հիւանդանոցի մասնագէտներու խումբին կողմէ։ Անիկա «ռենտըմայզտ» երկակի կոյր քլինիքային հետազօտութիւն է, որուն մասնակցած է նախատիապեթ ունեցող 70 հիւանդ։
Մասնակիցները բաժնուած են երկու խումբի, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կենսաձեւը փոխելու դասընթացքի հետեւած է։ Մէկ խումբը ստացած է «փրոպայոթիք»ի պատիճներ՝ օրական 500 միլիկրամ երեք ամսուան ընթացքին, իսկ միւս խումբը ստացած է դատարկադեղահատ։
Եռամսեայ շրջանէն առաջ եւ ետք կատարուած են շարք մը չափումներ։ Վերահսկուած են «սիսթոլիք» եւ «տիասթոլիք» զարկերակային ճնշումը, «ինսուլին»ի մակարդակը արեան շիճուկին մէջ, «կլայքոսիլէյթըտ հիմոկլոպին»ի մակարդակը, արեան մէջ շաքարի մակարդակը պարապ ստամոքսի պարագային, ցած խտութեան «լայփոփրոթեին»ները, բարձր խտութեան «լայփոփրոթեին»ները եւ «թրիկլիսերիտ»ները։
Ահա թէ ինչ ցոյց տուած է հետազօտութիւնը.
- «Փրոպայոթիք» ստացած խումբի հիւանդներուն մօտ նկատուած է կշիռքի զգալի նուազում, պարապ ստամոքսի պարագային «կլիւքոզ»ի մակարդակի, «կլայքոսիլէյթըտ հիմոկլոպին»ի, «թրիկլիսերիտ»ներու եւ ցած խտութեան «լայփոփրոթեիտ»ներու մակարդակի նուազում,
- «Փրոպայոթիք» ստացած հիւանդները ունեցած են «ինսուլին»ի եւ բարձր խտութեան «լայփոփրոթեիտ»ներու մակարդակի զգալի բարձրացում։
Չեն յայտնաբերուած միջին «սիսթոլիք» եւ «տիասթոլիք» զարկերակային ճնշման եւ «ինսուլին»ի հանդէպ «ռեզիսթընս»ի էական տարբերութիւններ «փրոպայոթիք» եւ դատարկադեղահատ ստացած հիւանդներու խումբերու միջեւ։ Հետազօտողները եկած են այն եզրակացութեան, որ «փրոպայոթիք»ներու ստացումը արդիւնաւէտ է նախատիապեթ ունեցող հիւանդներու «կլիւքոզ»ի եւ «լիփիտ»ներու փրոֆայլներու բարելաւման համար, բայց էականօրէն չի տարբերիր դատարկադեղահատէն։ Չնայելով որ «փրոպայոթիք»ները կրնան օգտակար ըլլալ նախատիապեթի բուժման ժամանակ, անհրաժեշտ են հետագայ հետազօտութիւններ, որպէսզի լիարժէք հասկցուին ատոնց արդիւնքները եւ առաւելութիւնները։
Նախատիապեթը 2-րդ տեսակի տիապեթին նախորդող վիճակն է եւ կրնայ յանգեցնել լուրջ բարդութիւններու, եթէ չբուժուի։ Այս հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ «փրոպայոթիք»ները կրնան արժէք ներկայացնող լրացում ըլլալ կենսաձեւի փոփոխութեան ծրագիրներուն մէջ։