«Քալորի»ներու ստացման սահմանափակումը, նոյնիսկ 12 առ հարիւրով, կրնայ բարձրացնել առողջ ծերացումի կարելիութիւնները՝ բորբոքումը նուազեցնելու հաշւոյն: Այս մասին գրուած է Ծերացման ազգային հիմնարկի (NIA) գիտնականներու ուսումնասիրութեան մէջ, որ հրապարակուած է Aging Cell ամսագրին մէջ:
Բազմաթիւ հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ անասուններու մօտ «քալորի»ներու սահմանափակումը՝ առանց օրկանիզմը զրկելու էական «վիթամին»ներէն եւ հանքանիւթերէն, կը դանդաղեցնէ տարիքային հիւանդութիւններու զարգացումը, կ՛երկարաձգէ կեանքը եւ կը բարելաւէ որակը, ինչպէս նաեւ՝ «սթրես»ին դէմ դիմադրողականութիւնը: Նոր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ այս ազդեցութիւնը կը վերաբերի նաեւ մարդոց:
Գիտնականները վերլուծած են CALERIE ուսումնասիրութեան հիւանդներուն տուեալները, որ կը ներառէր առողջ երիտասարդ եւ միջին տարիքի ամերիկացիներ՝ առանց գիրութեան, խնդրելով անոնցմէ, որ երկու տարուան ընթացքին նուազեցնեն օրական «քալորի»ներու ստացումը 25 առ հարիւրով: 12 առ հարիւրով կրճատումը առաւելագոյնը եղած էր, որուն կրցած էին հասնիլ։
Հետազօտողները բացայայտած են, որ «քալորի»ներու այս փոքր սահմանափակումը մարդոց պարագային նոյն ազդեցութիւնը ձգած է, ինչ որ անասուններու վրայ: Օրինակ՝ անիկա աշխուժացուցած է «էնըրճի»ի արտադրութեան եւ նիւթափոխանակութեան համար պատասխանատու «ճին»երը՝ միեւնոյն ժամանակ ճնշելով «փրոբորբոքային ճին»երը։ Փոխուած է նաեւ «սիրկադային ռիթմ»երու կարգաւորումը եւ վնասուած DNAի մասերու վերականգնումը։
Որովհետեւ բորբոքումը եւ ծերացումը փոխկապակցութիւն ունին, «քալորի»ներու սահմանափակումը շատ լաւ մօտեցում է կանխելու համար բորբոքային վիճակը, որ կը զարգանայ տարեց մարդոց մօտ: «Քալորի»ներու ստացման 12 առ հարիւրով կրճատումը կարելի է եւ կրնայ շատ օգտակար ըլլալ, եզրակացուցած են հեղինակները:
Բացի ատկէ, սկզբնական Phase 2 CALERIE հետազօտութեան հեղինակները, որուն արդիւնքները հրապարակուած են Nature Aging ամսագրին մէջ, ցոյց տուած են, որ «քալորի»ներու սահմանափակումը կը դանդաղեցնէ ծերացման ընթացքը 2-3 առ հարիւրով։ Բացի ատկէ, փորձի մասնակիցները կորսնցուցած են իրենց մարմնի կշիռքի միջինը 10 առ հարիւրը եւ յաջորդ երկու տարուան ընթացքին գրեթէ կշիռքի բարձրացում չեն ունեցած։