Նոր հետազօտութիւնը կը նկարագրէ, թէ ինչպէս բարձր «փրոլիֆերաթիվ լիւքիմիա»ի (քաղցկեղային ) բջիջները բնական բջիջներու կը վերածուին, որոնք այլեւս չեն բազմանար քիմիական «մոտիֆիքէյշըն»ներու միջոցով՝ այսպէս կոչուած «էփիճենեթիքս»ի միջոցով:
Յօդուածին հեղինակը, որ հրապարակուած է «Leukemia» ամսագրին մէջ, Ալպերթօ Պուենօ-Քոսթան է՝ բժիշկ Մանել Էսթելլըրի խումբի հետազօտող, հետազօտութեան ղեկավար եւ Հոսեփ Քառեռասի անուան «լիւքիմիա»ի հետազօտման հիմնարկի տնօրէն, Պարսելոնայի համալսարանի փրոֆեսոր:
Քաղցկեղը հիւանդութիւն է, որ կը բնութագրուի առողջ բջիջը չարորակ բջիջի վերածմամբ՝ բոլորովին այլ բնութագրերով, օրինակ՝ անվերահսկելիօրէն բաժնուելու ունակութեամբ: Վերջին տասնամեակներու ընթացքին, բազմաթիւ հետազօտութիւններու պարագային, տարբեր «մոլեքիւլ»ային փոփոխութիւններ յայտնաբերուած են, որոնք պատասխանատու են առողջ հիւսուածքի՝ քաղցկեղայինի փոխակերպման համար: Սակայն մենք քիչ բան գիտենք հակառակ գործընթացի մասին, այսինքն՝ քաղցկեղային բջիջի՝ «ֆիզիոլոճիքըլ», ոչ քաղցկեղայինի վերածուելու ունակութեան մասին, եւ այն մասին, թէ ի՛նչ գործօններ կրնան միջնորդել այս գործընթացը։
«Մենք գիտենք, որ դեղերու արդիւնաւէտութենէն խուսափելու համար ուռուցքներու կիրառման ռազմավարութիւններէն մէկը իրենց արտաքին տեսքը փոխելն է՝ վերածուելով մէկ այլ նմանատիպ քաղցկեղի, բայց՝ ոչ զգայուն օգտագործուող դեղի նկատմամբ: Օրինակ՝ «լիմֆոյտ լայն լիւքիմիա»ները բուժումէն խուսափելու համար «մայելոիտ» կը դառնան»,- կը բացատրէ բժիշկ Էսթելլըր։ Մեկնելով այս գաղափարէն՝ անոնք կը փափաքէին աւելին գիտնալ այս բջիջային «մեթամորֆոզ»ներուն մէջ ներգրաւուած «մոլեքիւլ»ային ուղիներու մասին եւ «մոտել» մը ուսումնասիրած են, ուր «լիւքիմիք» բջիջները կրնային ստիպել անվնաս դիմադրողական բջիջներուն՝ «մաքրոֆակըս»ներու վերածուիլ:
Փորձերու արդիւնքները ցոյց տուած են, որ չարորակ բջիջներու վերափոխումը «մաքրոֆակըս»ներու կ՛ուղեկցուի ատոնց «RNA մեսենճըր«ներուն մէջ տեղի ունեցող խորունկ քիմիական փոփոխութիւններով, որոնք կը նպաստեն սպիտակուցներու ձեւաւորմանը:
Հետազօտութիւններու այս գիծը, թէեւ դեռ նախաքլինիքական փուլին մէջ է, բայց շատ խոստմնալից կը թուի եւ արժանի է հետագայ ուսումնասիրութեան՝ որպէս «լիւքիմիա»ի դէմ պայքարի նոր մօտեցում, կը նշեն գիտնականները։