Հարաւային Ֆլորիտայի եւ Ինտիանայի համալսարաններու գիտնականներու գլխաւորութեամբ կատարուած հետազօտութիւն մը բացայայտած է «քիմոթերափի»ի ամենէն տարածուած միջոցներէն մէկուն երկարատեւ ազդեցութեան արդիւնքները այն մարդոց վրայ, որոնք յաղթահարած են քաղցկեղը։
JAMA Oncology ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւն մը ուսումնասիրած է ձուարաններու քաղցկեղը յաղթահարած անձերու «քոհորթ»ը, որոնք ստացած են «սիսփլաթին»ի հիմքով «քիմոթերափի» 14 տարուան ընթացքին եւ յայտնաբերած են, որ անոնց 78 առ հարիւրը զգալի դժուարութիւններ ունեցած է ամէնօրեայ կեանքին մէջ, ինչ որ բացասաբար անդրադարձած է անոնց կեանքի որակին վրայ։
Միատեղ հետազօտութիւնը առաջինն է, որուն մէջ իրական պայմաններու տակ կը չափուին լսողական խնդիրները եւ լսողութեան կորուստը այն մարդոց մօտ, որոնք յաղթահարած են քաղցկեղը։
«Կարեւոր է, որ մենք հասկնանք հիւանդներուն զգայական խնդիրներուն իսկական հետեւանքները, եւ եթէ մենք կարենանք հասկնալ այդ մէկը, ապա կարելի կ՛ըլլայ մշակել աւելի արդիւնաւէտ «թերափէօթիք» ռազմավարութիւններ եւ կանխարգելիչ միջոցներ՝ հիւանդներու կեանքի որակի երկարատեւ բարելաւման համար»,- նշած է հետազօտութեան հեղինակ, փրոֆեսոր Ռոպըրթ Ֆրիզինան։
«Սիսփլաթին»ը լայնօրէն կ՛օգտագործուի քաղցկեղի տարբեր ձեւերու «քիմոթերափի»ի բուժման ժամանակ, ներառեալ՝ միզապարկի, թոքերու, վիզի եւ ձուարաններու քաղցկեղը։ Անիկա կը տրուի ներերակային ձեւով եւ կ՛ազդէ մարմնին տարբեր հատուածներուն։
Այնուամենայնիւ, ականջները յատկապէս ենթակայ են «սիսփլաթին»ի հասցուցած վնասին, որովհետեւ անոնք չունին մեքանիզմը, որպէսզի կարենան զտել դեղը: Իբրեւ հետեւանք, դեղը երկար ժամանակ մնալով ականջին մէջ, կը յանգեցնէ լսողութեան կորուստի։
Այդ կը յանգեցնէ ձայնի «քոտաւորման» համար անհրաժեշտ զգայական բջիջներու բորբոքման եւ քայքայման, ինչ որ կը պատճառէ լսողութեան անդառնալի կորուստի, որ կրնայ վատթարանալ նոյնիսկ «սիսփլաթին»ով բուժումի աւարտէն ետք: