Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ եւ Գոլոմպիայի համալսարաններու գիտնականներ բացայայտած են, որ «սիսթէին» եւ «մեթիոնին» ամինաթթուներու բացառումը սննդականոնէն կը նպաստէ քաղցկեղի բջիջներու ինքնաոչնչացման։ Այս մասին տեղեկացուցած է New Atlas պարբերականը։
Գիտնականները կեդրոնացած են «կլիոպլասթոմա»-ի՝ ուղեղի քաղցկեղի ամենէն «ակրեսիվ» ձեւերէն մէկուն ուսումնասիրութեան վրայ: Կենդանիներու վրայ կատարուած փորձերը ցոյց տուած են, որ որոշ ամինաթթուներով ցած սննդականոնը կը նպաստէ ուռուցքային բջիջներու ինքնաոչնչացման եւ կը բարձրացնէ «քիմոթերափի»-ի արդիւնաւէտութիւնը: Խօսքը «սիսթէին»-ի եւ «մեթիոնին»-ի՝ ծծումբ պարունակող ամինաթթուներու մասին է, որոնք կը գտնուին ցորենի, վարսակի ալիւրի, ընդեղէններու, միսի, ձուկի եւ հաւկիթի մէջ:
Այս մօտեցումի օգտագործումը, փորձարկումի ծիրին մէջ, արտօնած է նուազեցնել թունաւոր «քիմոթերափի»-ի դեղաչափերը՝ նուազեցնելով անոնց կողմնակի ազդեցութիւնները հիւանդներու համար։ Այս բացայայտումը քաղցկեղի բուժման աւելի անվտանգ եւ արդիւնաւէտ միջոցներու մշակման հեռանկար կը բանայ, երբ օրկանիզմը ինքը կը մասնակցի հիւանդութեան դէմ պայքարին։
Գիտնականները արդէն իսկ սկսած են քլինիքային փորձարկումները՝ գնահատելու համար այս մեթոտի արդիւնաւէտութիւնը «կլիոպլասթոմա» ունեցող մարդոց համար։ Այնուամենայնիւ, հետազօտողները կը զգուշացնեն, որ արդիւնաւէտութեան գնահատման եւ նման բացայայտումներու իրականացման գործընթացը կրնայ տարիներ երկարիլ։