Թոքիոյի համալսարանի գիտնականները արհեստական DNA օգտագործած են՝ արգանդի վզիկի, կրծքագեղձի եւ մելանոմայի քաղցկեղի բջիջները յայտնաբերելու եւ ոչնչացնելու համար։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են համալսարանի կայքին վրայ։
Ուռուցքներու շատ տեսակներ կ՛արտադրեն որոշ միքրոRNAի (miR-21) չափազանց մեծ քանակ, որ դիմադրողական համակարգը չի կրնար ճանչնալ եւ, հետեւաբար, կենդանի կը պահէ քաղցկեղի բջիջները: Գիտնականները նախագծած են DNAի զոյգ «մոլեքիւլ»ներ, որոնք քաղցկեղի բջիջներուն մէջ կը միանան քաղցկեղի միքրոRNA-ներու հետ, այնուհետեւ կը բացայայտուին եւ իրարու կը միանան փոխլրացման սկզբունքի համաձայն:
Երկաշղթայ DNAի (double-stranded DNA) յայտնուիլը ազդանշան է դիմադրողական համակարգին համար, որ ոչնչացուցած է քաղցկեղի բջիջները՝ կանխելով քաղցկեղային ուռուցքի հետագայ աճը:
Գիտնականները յաջողութեամբ փորձարկած են իրենց «մոլեքիւլ»ները մարդու արգանդի վզիկի քաղցկեղի, մարդու կուրծքի եռակի բացասական քաղցկեղի եւ մկան մելանոմայի բջիջներու վրայ:
Փորձերը կ՛արտօնեն նոր դեղեր ստեղծել՝ DNAի միջոցով դիմադրողական համակարգի հակաքաղցկեղային արձագանգը աշխուժացնելու համար։