«Աքթիվ» գործունէութեան 4,5 վայրկեանը կրնայ 32 առ հարիւրով նուազեցնել քաղցկեղի որոշ տեսակներու հաւանականութիւնը, բացայայտած են Սիտնիի համալսարանի գիտնականները։ Հետազօտութիւնը հրապարակուած է JAMA Oncology ամսագրին մէջ։
Հետազօտութեան մասնակցած է 22,398 անհատ, որոնք շաբթուան ընթացքին կրած են սարքեր ամէնօրեայ «աքթիվ»ութիւնը չափելու համար. անոնք չեն զբաղած մարզանքներով։ Հիւանդներու միջին տարիքը 62 տարեկան եղած է։ Եօթ տարի ետք, գիտնականները գնահատած են «աքթիվ»ութեան տարբեր մակարդակ ունեցող մասնակիցներու քաղցկեղով հիւանդացութիւնը։
Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ եռանդուն ֆիզիքական «աքթիվ»ութեան ընդամէնը չորս-հինգ վայրկեանը ամէնօրեայ խնդիրները կատարելով քաղցկեղի յառաջացման ընդհանուր հաւանականութիւնը նուազեցուցած է 18 առ հարիւրով, իսկ անբաւարար «աքթիվ»ութեան հետ կապուած քաղցկեղի տեսակներու հաւանականութիւնը՝ 32 առ հարիւրով։ Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ մարզանքով չզբաղող մեծերը կ՛ունենան կաթնագեղձի, «էնտոմեթրիայի» եւ հաստ աղիքի քաղցկեղի բարձր հաւանականութիւն։
Ընդհատուող ֆիզիքական «աքթիվ»ութիւնը մօտաւորապէս մէկ վայրկեան «աքթիվ»ութեան բռնկումներն են, որոնք կը ստիպեն, որ շնչառութիւնը յաճախակի դառնայ։ Օրինակները կը ներառեն «աքթիվ» աշխատանքը տան մէջ, ծանր պայուսակները խանութէն տեղափոխելը, զբօսանքը կամ եռանդուն խաղերը փոքրիկներու հետ։
Գիտնականներու կարծիքով՝ «աքթիվ»ութեան այսպիսի ազդեցութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ «ինսուլին»ի հանդէպ զգայունութեան բարելաւման եւ «քրոնիք» բորբոքման նուազումին։ Հետազօտութիւնը կրած է դիտորդական բնոյթ, հետեւաբար ատոր եզրակացութիւնները ցոյց կու տան միայն կապ մը ըլլալու առկայութիւնը, այլ ոչ թէ պատճառ-հետեւանքային կապի գոյութիւնը։