Պրիսթոլի համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են, որ մեծ քանակութեամբ իւղոտ, քաղցր եւ քալորիներով բարձր ուտելիքներու օգտագործումը մանուկ հասակին կը նպաստեն անօթներու կարծրացման հետագային։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «British Journal of Nutrition»ին մէջ (BJN)։
Հետազօտութեան մասնակցած է 4,700 անհատ, որոնց սնուելու մասին տուեալները ստացուած են բրիտանացի գիտնականներու մէկ այլ աշխատանքի ծիրին մէջ կատարուած հետազօտութենէն (ծնողներու եւ 90-ական թուականներուն ծնած մանուկներու երկարաժամկէտ հետազօտութիւն)։ Հետազօտողները հաւաքած են այն տեղեկութիւնները, թէ ինչպէ՞ս մասնակիցները սնունդ ստացած են 7, 10 եւ 13 տարեկանին։ Ապա, գիտնականները չափած են կամաւորներու զարկերակային անօթներու պատերու հաստութիւնն ու կարծրութիւնը, որոնք նոր հետազօտութեան ժամանակ 17 եւ 24 տարեկան էին։
Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ 7 եւ 10 տարեկան փոքրիկներուն պարագային, որոնք շատ աւելի քալորիներ, ճարպեր ու շաքար օգտագործած են, դեռահաս տարիքին աւելի յաճախ զարգացած է անօթներու կարծրութիւն, քան անոնց պարագային, որոնք սննդարար ուտելիքներ օգտագործած են։ Մթերքներ, ինչպէս՝ բանջարեղէնները, պտուղները, պանիրը, ամբողջահատիկները եւ ձուկը, հակառակը, զգալիօրէն պաշտպանած են անօթները կարծրացումէն։