Քալիֆորնիոյ, Սան Ֆրանսիսքոյի, Հարաւային Քարոլինայի եւ Միշիկընի համալսարաններու գիտնականներու խումբը հետազօտութիւն մը կատարած է, որ կապ յայտնաբերած է կենցաղային քիմիական նիւթերու օգտագործման եւ կիներու մօտ քաղցկեղի յառաջացման վտանգին միջեւ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Journal of Exposition Science and Environmental Epidemiology-ին մէջ:
Գիտնականներու հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացած է երկու տեսակի քիմիական նիւթերու վրայ. PFAS (բեր- եւ փոլիֆլորոլքիլային նիւթեր) եւ ֆենոլներ։ Այդ նիւթերը յայտնի են օրկանիզմի «էնտոքրին» համակարգը ախտահարելու իրենց ունակութեամբ եւ երկար ժամանակ կասկածի տակ առնուած են կաթնագեղձի, ձուարաններու, մաշկի եւ արգանդի քաղցկեղային ուռուցքներու յառաջացման մէջ։
Հետազօտութեան ծիրին մէջ, աւելի քան տասը հազար մարդ ներկայացուցած է իր արեան եւ մեզի նմուշները քննութեան համար։ Արդիւնքները բացայայտած են, որ այն հիւանդները, որոնց մօտ քաղցկեղ յառաջացած է, ունեցած են PFAS բարձր մակարդակ իրենց օրկանիզմին մէջ։ Յատկապէս հետաքրքրական եղած են տուեալները PFDE (PFAS միացութիւններէն մէկը) մակարդակի եւ մելանոմայի (մաշկի քաղցկեղի տեսակ) հաւանականութեան միջեւ կապի մասին տուեալները։ PFDE բարձր մակարդակ ունեցող կիներու մօտ մելանոմայի հաւանականութիւնը կը բարձրանար կրկնակի ձեւով։ Նման արդիւնքներ յայտնաբերուած են նաեւ այն անձերուն մօտ, որոնք նախապէս ենթարկուած են PFAS այլ երկարաշղթայ միացութիւններու բարձր ազդեցութեան, ինչպէս՝ PFNA-ն եւ PFUA-ն։
Այս հետազօտութիւնը կ՛ընդգծէ օգտագործուող կենցաղային քիմիական նիւթերու հանդէպ ուշադիր վերաբերմունքի կարեւորութիւնը եւ առողջութեան համար հաւանական հետեւանքները։ Վտանգաւոր քիմիական նիւթերու ցուցադրման մակարդակը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ քաղցկեղի յառաջացման գործին մէջ եւ աւելի հանգամանալից հետազօտութիւններ այս ոլորտին մէջ կրնան նպաստել զգուշութիւններ ձեռք ձգելու եւ յանձնարարութիւններ մշակելու աշխատանքին մէջ։