Բոլոր կանոններուն համապատասխան, քլորացուած ջուրը հանրային լողաւազաններու մէջ կը չէզոքացնէ SARS-CoV-2 քորոնա ժահրի գրեթէ բոլոր մասնիկները, վկայած է Լոնտոնի Imperial College-ի հետազօտութիւնը:
Ժահրին կենսունակութիւնը մարդու օրկանիզմէն դուրս կախեալ է շրջապատի տեսակէն, ջերմաստիճանէն, խոնաւութեան աստիճանէն եւ այլ պայմաններէ: Աւելի կանուխ, ժահրային մասնիկներ յայտնաբերուած էին կեղտոտ ջուրերու մէջ, որմէ ետք գիտնականները որոշած էին ստուգել քլորացուած ջրաւազաններու անվտանգութիւնը, նշած է ԹԱՍՍ-ը:
Ջուրի նմուշները հաւաքուած էին Լոնտոնի քանի մը յայտնի հանրային լողաւազաններէն, որոնց քորոնա ժահր աւելցուած էր: Ի յայտ եկած է, որ քլորը չէզոքացուցած է քորոնա ժահրի մասնիկներուն աւելի քան 99.99 առ հարիւրը եւ ոչնչացուցած է ատոր առկայութեան հետքերը բոլոր նմուշներուն մէջ, բացառութեամբ մէկուն, ուր ջուրը բաւարար քանակութեամբ քլորացուած չէր: Նոյնիսկ այդ պարագային, SARS-CoV-2-ի մասնիկներու միայն հետքային քանակը մնացած էր նմուշին մէջ: Ատոնց վարակիչ ըլլալու աստիճանը իջած էր աւելի քան 50 անգամ:
Ուրեմն, քլորացման եւ ջուրի մաքրութեան նորմերու պահպանութեան պարագային, լողաւազանը չի կրնար վարակման աղբիւր դառնալ: Սակայն, լողաւազաններու մէջ, վարակման աղբիւր կրնայ դառնալ վարակուած անհատը, որովհետեւ քորոնա ժահրը հիմնականին մէջ կը տարածուի օդակաթիլային ճամբով: