Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը վերջերս յայտարարած է, որ համաշխարհային պաշարներուն մէջ քոլերայի դէմ բերնի կաթիլային պատուաստներ այլեւս չեն մնացած, որուն անբաւարարութիւնը կը սպառնայ հիւանդութեան տարածումը դադրեցնելու ջանքերուն, հաղորդած է AFP-ն:
Պատուաստներու համաշխարհային արտադրութիւնը կը գործէ ամբողջ հզօրութեամբ, սակայն պահանջքը կը գերազանցէ առաջարկին, ըսուած է ՄԱԿ-ի առողջապահական գործակալութեան՝ այս իրավիճակին վերաբերեալ միամսեայ զեկոյցին մէջ:
“Հոկտեմբեր 14-ի դրութեամբ քոլերայի դէմ բերնի կաթիլային պատուաստի համաշխարհային պաշարները սպառած են եւ մնացեալ չափաբաժինները հասանելի չեն»,- ըսած է ԱՀԿ-ն: «Թէեւ յառաջիկայ շաբաթներուն աւելի մեծ չափաբաժիններ կը սպասուին, այս պակասը զգալի մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ բռնկման արձագանգման ջանքերուն համար եւ կը խոչընդոտէ հիւանդութեան տարածումը վերահսկելու ջանքերը»:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ Սեպտեմբեր 1-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 14 ինկած ժամանակամիջոցին Պատուաստումներու միջազգային համակարգող խումբը քոլերայի դէմ բերնի կաթիլային պատուաստումներու պահանջք ստացած է Պանկլատէշէն, Սուտանէն, Նայճըրէն, Եթովպիայէն եւ Միանմարէն: Պահանջքը կը կազմէ 8,4 միլիոն չափաբաժին, սակայն սահմանափակ հասանելիութեան պատճառով կրնայ առաքուիլ միայն 7,6 միլիոն չափաբաժին:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով՝ այս տարի Սեպտեմբեր 29-ի դրութեամբ արձանագրուած է քոլերայի 439,724 պարագայ եւ 3,432 մահուան դէպք։
«Չնայելով, որ 2024-ին պարագաներու թիւը 16 առ հարիւրով նուազ է նախորդ տարուան հետ բաղդատելով, մահուան դէպքերու կտրուկ աճը՝ 126 առ հարիւրով, մեծապէս մտահոգիչ է»,- ըսած է կազմակերպութիւնը։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ մահացութեան աճը կրնայ մասամբ պայմանաւորուած ըլլալ բռնկումներու զսպումով: Անոնք կը ներառեն հակամարտութիւններէն վնասուած տարածքները, ուր առողջապահական խնամքի հասանելիութիւնը խստօրէն խոչընդոտուած է, ինչպէս նաեւ՝ ջրհեղեղներէն վնասուած տարածքները:
Անցեալ ամսուան զեկոյցէն ի վեր քոլերայի նոր բռնկումներ արձանագրուած են Նայճըրի (705 դէպք եւ 17 մահ) եւ Թայլէնտի մէջ (հինգ դէպք առանց մահուան պարագայի), 2024-ին վնասուած երկիրներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 30-ի, ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը: Սեպտեմբերին 14 երկիրներու մէջ արձանագրուած է քոլերայի 47,234 նոր դէպք։ Այս ամիս քոլերայի պարագաներ յայտնաբերուած են նաեւ հակամարտութենէն վնասուած Լիբանանի մէջ։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը նախազգուշացուցած է, որ անոր տարածման վտանգը շատ բարձր է՝ մեծ թիւով տեղահանուածներու առողջապահութեան եւ մաքրութեան հետ կապուած պայմաններու վատթարացման պատճառով: