Իրաքի մէջ քոլերայի բռնկման հետեւանքով արձանագրուած է առաջին զոհը Քիրքուք հիւսիսային նահանգին մէջ: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին երկրին մէջ արձանագրուած է հիւանդութեան 17 նոր պարագայ, տեղեկացուցած է առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Սէյֆ ալ-Պատր։
«Իրաքի մէջ տարեսկիզբէն արձանագրուած պարագաներու ընդհանուր թիւը հասած է 76-ի»,- ըսած է առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը։
Առաջին անգամ հիւանդութեան բռնկման մասին պաշտօնապէս յայտարարուած է Յունիս ամսուան սկիզբը եւ Քիրքուքին բաժին ինկած է այդ պահուն հաստատուած 13 պարագաներէն մէկը։
Վարակման միւս պարագաները արձանագրուած են ինքնավար Քիւրտիստանի մէջ, դրացի Սուլէյմանիա նահանգին մէջ։
Ալ-Պատրի խօսքով՝ քոլերայի վերջին մեծ բռնկումը երկրին մէջ տեղի ունեցած էր 2015 թուականին եւ վնասուած էին Պաղտատը եւ Պապիլ կեդրոնական նահանգները։
Քոլերան ի յայտ կու գայ մանրէէն, որ սովորաբար կը փոխանցուի վատ «սանիթարական» պայմաններու պատճառով։ Մարդիկ կը վարակուին, երբ կ՛ուտեն կամ կը խմեն այդ մանրէն ընդգրկող ուտելիք եւ ջուր։ Հիւանդութիւնը կը բուժուի «հակապայոթիք»ներով եւ «հայտրէյշըն»ով: Հակառակ պարագային, եթէ օգնութիւն չներկայացուի, մարդ կրնայ մահանալ քանի մը ժամուան ընթացքին։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով՝ աշխարհի մէջ ամէն տարի կ՛արձանագրուի քոլերայով հիւանդանալու 1,3-4 միլիոն պարագայ, որ կը յանգեցնէ 21 000-143 000 մարդու մահուան, գրած է Medical Xpress-ը: