Ծանր ընթացող COVID-19 վարակը կրնայ վնասել մարդու արիւնը` յարձակելով արեան կարմիր բջիջներուն վրայ: Այս մասին նախազգուշացուցած են Վերոնայի համալսարանի գիտնականները: Անոնց նոր ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է Hematology, Transfusion and Cell Therapy ամսագիրին մէջ:
Գիտնականներու նոր տուեալներուն համաձայն` թոքերու արուեստական օդափոխութեան սարքերը կրնան անօգուտ ըլլալ քորոնա ժահրի պարագային թոքաբորբոքումի բուժման համար, որովհետեւ նման հիւանդներու մօտ «հիմոկլոպին»-ի մակարդակը զգալիօրէն կը նուազի:
Քլինիքական պատկերը գնահատելու համար, գիտնականները բժիշկներուն խորհուրդ կու տան նախ եւ առաջ ստուգել «հիմոկլոպին»-ի աստիճանը քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդներու մօտ: Եթէ ատոր մակարդակը բնականէն ցած է, ապա այդ մէկը կրնայ որպէս մտահոգիչ ախտանիշ գնահատուիլ, որ կը վկայէ հիւանդութեան զարգացման մասին:
Ըստ գիտնականներու` անհրաժեշտ է անմիջական հետազօտութիւն կատարել, որոնք կ՛արտօնեն գնահատելու, որ կրնա՞յ արդեօք արեան փոխներարկումը օգտակար ըլլալ նման հիւանդներու համար եւ կանխել հիւանդութեան լուրջ զարգացումը եւ մահացու ելքը: