Ո՛չ վիրաբուժական, ո՛չ բամբակէ դիմակները կրնան զսպել SARS-CoV-2 քորոնա ժահրի տարածումը, եթէ վարակուած մարդը կը հազայ. այս դիմակներուն մէջէն ժահրերը կ՛անցնին:
Annals of Internal Medicine-ի մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութիւնը անդրադարձած է այս հարցին:
Բժշկական դիմակները այսօր շատ տարածուած միջոց են օդի կաթիլներու ճամբով փոխանցուող վարակի կանխարգիլման համար: Բայց ատոնք որքանո՞վ արդիւնաւէտ են: Վերջերս, գիտնականները պարզած են, որ վարակուած մարդու արտաշնչած օդին մէջ դիմակները չեն անցըներ քորոնա ժահրերը եւ կրիփի ժահրերը: Բայց, ինչպէս պարզուած է, դիմակները արդիւնաւէտ չեն, եթէ վարակուած մարդը կը հազայ:
Սէուլի Ուլսանի համալսարանի Բժշկական գոլէճի գիտնականները հետազօտած են COVID-19-ով 4 հիւանդի: Անոնցմէ իւրաքանչիւրէն խնդրած են հազալ «Փեթրի թասիկ»-ի վրայ 5 անգամ՝ առանց դիմակի, վիրաբուժական դիմակով եւ բամբակէ դիմակով: Մասնագէտները, այնուհետեւ, ստուգած են ժահրերու առկայութիւնը դիմակներու ներքին եւ արտաքին մակերեւոյթին վրայ: Բոլոր 3 պարագաներուն, անոնք յայտնաբերած են SARS COV-2 քորոնա ժահրը, որ կը յառաջացնէ COVID-19 հիւանդութիւնը:
Այսպիսով, գիտնականները յանգած են այն եզրակացութեան, որ դիմակներու կրումը կրնայ անարդիւնաւէտ ըլլալ COVID-19-ի կանխարգիլման համար: