«Քորոնա» ժահրը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ ակռաներու համար․ որոշ պարագաներու, անիկա կրնայ յանգեցնել լինտերու հիւանդութիւններու բարդութեան եւ նոյնիսկ ակռաներու իյնալուն։ Այս մասին յայտնած է New York Times պարբերականը՝ վկայակոչելով COVID-19-էն բուժուած հիւանդները եւ մասնագէտները։
Պարզուած է, որ «քորոնա» ժահրային բորբոքումէն բուժուած որոշ մարդիկ գանգատած են՝ առանց արիւնահոսութեան ակռաներու իյնալու մասին։ Ուրիշներ գանգատած են, որ իրենց լինտերը աւելի զգայուն դարձած են, իսկ ակռաները սեւցած եւ փճացած են։
Մասնագէտներու կարծիքով, հիւանդներու մօտ, ակռաներու հետ կապուած խնդիրները կրնան սրիլ եւ աւելի վտանգաւոր դառնալ «քորոնա» ժահրային բորբոքումէն ետք առողջացումի ժամանակաշրջանին ընթացքին։
Angiogenesis հիմնադրամի (Angiogenesis Foundation – կազմակերպութիւն, որ կ՛ուսումնասիրէ արիւնատար անօթներու հիւանդութիւնները) նախագահ Ուիլիամ Լին նշած է, որ «քորոնա» ժահրը կը փոխգործակցի АСЕ2 բջիջային ընկալիչներու հետ եւ կ՛ախտահարէ ոչ միայն թոքերը, այլ նաեւ նեարդային վերջաւորութիւնները եւ «էնտոթել»-երը, որուն հետեւանքով կը վնասուին նաեւ լինտերու արիւնատար անօթները։
Քալիֆորնիայէն մասնագէտ Մայքլ Շիրեր, իր կարգին, կը կարծէ, որ լինտերու հիւանդութիւնները կրնան ըլլալ ժահրի թափանցումի օրկանիզմի պաշտպանական հակազդեցութեան դրսեւորումը։