COVID-19 յաղթահարած մարդոց մօտ, «քորոնա» ժահրի դէմ դիմադրողականութիւնը կը պահպանուի ընդամէնը մօտաւորապէս 3 ամիս: Այս մասին յայտնած է The Guardian-ը՝ վկայակոչելով Լոնտոնի Թագաւորական գոլէճի գիտնականներու հետազօտութիւնը:
Առաջին ախտանշաններու ի յայտ գալէն ետք, 3 շաբաթ անց, հիւանդներու 60 առ հարիւրին մօտ կ՛արձանագրուի «քորոնա» ժահրին դէմ հակամարմիններու առաւել մեծ պարունակութիւն: Սակայն 3 ամիս ետք, բորբոքումի դէմ զօրաւոր դիմադրողականութիւնը կը պահպանուի հիւանդներէն միայն 17 առ հարիւրի մօտ:
Հետազօտողներու խօսքով, 3 ամսուան մէջ, շատ մը փորձարկուողներու արեան մէջ հակամարմիններու քանակը նուազած է մինչեւ աննշան չափերու, իսկ ոմանց մօտ ընդհանրապէս չեն կրցած արձանագրել «քորոնա» ժահրի դէմ դիմադրողականութեան առկայութիւնը:
Հետազօտութեան յառաջատար հեղինակ Քեթի Տորեսի կարծիքով՝ «քորոնա» ժահրի դէմ երկարատեւ դիմադրողականութեան մասին տեսութեան հերքումը կրնայ լուրջ ազդեցութիւն ունենալ տարբեր երկիրներու մէջ պատուաստումի գործընթացին վրայ: