Մանուկներու կէսէն աւելին, որոնք վարակուած են քորոնա ժահրի բրիտանական շտամով, կը տառապին յոգնածութենէն: Շատեր ինքնամփոփ կը դառնան, հաղորդած է Express-ը` յղում կատարելով փորձագէտներուն:
Յայտնի է նաեւ, որ շատ մը փոքրիկներ, որոնց մօտ յայտնաբերուած է բրիտանական շտամը, բողոքած են գլխացաւէն: Անոնք նաեւ որովայնի բաժինին մէջ ցաւ զգացած են:
37 աստիճանէն բարձր տաքութիւն նկատուած է վարակուած փոքրիկներէն գրեթէ կէսին մօտ: Օրկանիզմին մէջ, վարակի առկայութեան մասին կրնայ յայտնել նաեւ կոկորդի ցաւը: Բացի ատկէ, մինչեւ մէկ տարեկան փոքրիկներու 35 առ հարիւրի մօտ, որոնք վարակուած են նոր շտամով, կը տառապին ախորժակի կորուստէն:
Յիշեցնենք, որ քորոնա ժահրի վտանգաւոր «միւթէյշին»-ը առաջին անգամ յայտնաբերուած էր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Սեպտեմբերին: Կը նկատուի, որ նոր շտամը կրնայ 70 առ հարիւրով աւելի վարակիչ ըլլալ: