Քորոնա ժահրի դէմ պատուաստները զգալիօրէն կը նուազեցնեն հիւանդանոց մուտքի կարիքը COVID-19-ի պատճառով: Օրինակ, BioNTech/Pfizer պատուաստը կը նուազեցնէ այդ կարիքը 85 առ հարիւրով, իսկ AstraZeneca-ն` 94 առ հարիւրով, յայտնած են սկովտացի մասնագէտներ:
Dw.com-ի համաձայն, սկովտացի հետազօտողները պարզած են, որ գերմանական BioNTech-ի եւ ամերիկեան Pfizer-ի կողմէ միատեղ պատրաստուած պատուաստի առաջին դեղաբաժինը 85 առ հարիւրով կը նուազեցնէ հիւանդանոց մուտքի կարիքը պատուաստումէն ետք չորրորդ շաբթուան ընթացքին: Իսկ բրիտանա-շուէտական AstraZeneca դեղագործական ընկերութեան եւ Օքսֆորտի պատուաստը 94 առ հարիւրով կը նուազեցնէ այդ վտանգը:
Այս տուեալները, ըստ գիտնականներու, հիմք կը ստեղծեն լաւատես տրամադրուածութեան եւ բնակչութեան պատուաստումի գործընթացի արագացման համար:
Ըստ գիտնականներու` իւրաքանչիւր հինգերորդ սկովտացի (21 առ հարիւր) արդէն պատուաստուած է քորոնա ժահրին դէմ. մօտաւորապէս 650.000 մարդ օգտագործած է BioNTech/Pfizer պատուաստը, իսկ 490.000 մարդ` AstraZeneca-ն: