Քորոնա ժահրով վարակման հիմնական ախտանիշներն են տաքութիւնը, հազը, համի կամ հոտառութեան կորուստը: Քորոնա ժահրի նոր շտամը, որ առաջին անգամ արձանագրուած էր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, նոյն ախտանիշներով կ՛արտայայտուի: Այս մասին գրած է Express-ը` վկայակոչելով դեղագործ Հուսէյն Ապտեհին:
Մասնագէտին խօսքով` եթէ մարդ չոր հազ, քանի մը շաբաթ անընդմէջ առանց որեւէ պատճառի հոգնածութիւն, համի կամ հոտի փոփոխութիւններ (կամ ամբողջական կորուստ), ինչպէս նաեւ բարձր տաքութիւն կ՛ունենայ, ապա անհրաժեշտ է, որ մեկուսանայ եւ քորոնա ժահրի քննութիւն ընէ, որովհետեւ այս ախտանիշները կրնան վկայել վարակի մասին եւ կարեւոր չէ, թէ որ շտամով:
Բժիշկին շտապ դիմելու պատճառներու շարքին, մասնագէտը նշած է այնպիսի ախտանիշներ, ինչպէս՝ կրծքավանդակի ցաւ, շնչառութեան հետ կապուած խնդիրներ, խօսելու կամ շարժելու անկարողութիւն: