Ո՞րն է համավարակի կանխարգիլման լաւագոյն միջոցը՝ պատուաստը, որ կը զօրացնէ դիմադրողականութեան համակարգը՝ օգնելով, որ պայքարիս հիւանդութեան դէմ։
Արդիական պատուաստները կը ստացուին բարդ արտադրական գործընթացի շնորհիւ՝ հիմնականին մէջ հաւու հաւկիթ օգտագործելով։ Խնդիրը այն է, որ հաւկիթի օգտագործումով, պատուաստները յիսուն տարիէ աւելի է, որ կ՛արտադրուին նոյն ձեւով։ Այնուամենայնիւ, ժահրը, այժմ, շատ աւելի արագ կը տարածուի ճամբորդութեան աճող մակարդակի պատճառով, որ պատուաստ մշակելու եւ արտադրելու ճամբուն վրայ բազմաթիւ նոր մարտահրաւէրներ կը յառաջացնէ:
Այսօր, գոյութիւն ունի աւելի արագ, աւելի աժան ու աւելի լաւ մեթոտ։ Հաւկիթի փոխարէն բոյսերու օգտագործումը։
Գանատական կենսադեղագործական «Մետիքակօ» ընկերութիւնը յաջողած է ընդամէնը 20 օրուան մէջ վերարտադրել «քորոնա» ժահրի ժահրանման մասնիկները՝ ծխախոտի բոյսի օգտագործումով։ Ընկերութիւնը այժմ կը զբաղի «քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստի գիտական հետազօտութեան մեթոտով։ Գիտական աշխատանքի ծիրին մէջ օգտագործուած եզակի արհեստագիտութիւնը յառաջիկային կը ներկայացուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սննդամթերքի եւ դեղորայքի վարչութեան (US FDA) հաստատման համար։
Ծխախոտի բոյսը ընդունակ է մեծ քանակով եւ ցած գինով սպիտակուց միատեղել։ Այս արհեստագիտութեան կարեւորագոյն առաւելութիւններէն մէկը՝ արագութիւնն է։
Պատուաստի պատրաստութեան արհեստագիտութիւնը պարզ է․ տերեւի մէջ պատուաստ կը ներարկեն, եւ մէկ շաբաթէն կարելի է մեծածաւալ արտադրութիւն սկսիլ։ Եօթը օր աճելէն ետք, կը վերցնեն ծխախոտաբոյսի տերեւները, կը մանրացնեն զանոնք, որմէ ետք, ստացուած խառնուրդէն կ՛առանձնացնեն նոր պատուաստը։
«Մետիքակօ» ընկերութիւնը, որ տարիներ առաջ յաջողած էր պատուաստ ստանալ «Էպոլա» վարակին դէմ, 30 առ հարիւրով կը պատկանի ծխախոտային Ֆիլիփ Մորրիս ընկերութեան։
Այն փաստը, որ Ֆիլիփ Մորրիսին մասամբ պատկանող ընկերութիւնը ծխախոտաբոյսը այնքան խորքով ուսումնասիրած է, որ կարելի դարձած է ծխախոտաբոյսի օգտագործումով նոյնիսկ պատուաստի մշակումը։ Ֆիլիփ Մորրիս իր գիտահետազօտական նախագիծերը իրագործելու համար, ներդրած է աւելի քան 7 միլիառ ամ. տոլար, ու այդ նախագիծերը ուղղուած չեն միայն «նիքոթին» մատակարարող այլընտրանքային արտադրանք ստանալուն։ Ֆիլիփ Մորրիս, այսօր, արհեստագիտական ընկերութիւն է։ Գիտական նախագիծերու շուրջ այստեղ կ՛աշխատին համաշխարհային համբաւ վայելող շուրջ 430 գիտնական, ճարտարապետ եւ փորձագէտ։
Պարզապէս հրաշք է, որ այսքան պարզ ու այսքան աժան ստացուող բոյսը կրնայ իրականութեան մէջ կեանքեր փրկել։ Յուսադրող է, որքան արագ գիտութիւնը եւ նորարարութիւնը կրնան դրական արդիւնք ստեղծել հասարակութեան համար՝ անկախ անկէ, թէ ո՞վ նիւթապէս կ՛օժանդակէ այդ գիտութեան: