Յաճախակի ձեռք լուալը եւ ոչ դիմակ կրելը, ամէմէն կարեւոր քայլն է, որ մարդիկ կրնան առնել՝ կանխելու համար քորոնա ժահրի տարածումը: Այս մասին յայտած է Համաշխարհային Առողջապահական Կազմերպութիւնը 27 Փետրուար 2020-ին:
Մայքըլ Րայըն, WHO Առողջապահական Արտակարգ Իրավիճակներու Ծրագիրի գործադիր տնօրէնը, անդրադարձած է դիմակի օգտագործումին՝ լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին 27 Փետրուար 2020-ին, դիտել տալով, որ անոնք որոնք հիւանդ են եւ շնչառական հիւանդութիւն ունին, անոնք պէտք է կրեն դիմակները:
«Եթէ ես ընտրութիւն պիտի կատարեմ դիմակ օգտագործելու եւ ձեռքերս մաքուր պահելու մէջ, կ՛ընտրեմ ձեռքերս մաքուր պահել՝ օճառով եւ ջուրով լուալով: Հազալու ժամանակ, ուշադրութիւն կ՛ընեմ, որ արմուկս օգտագործեմ. երբ ձեռքերս բանի մը վրայ դնեմ, պէտք է անմիջապէս լուամ», ըսած է Րայըն: Այլ թելադրութիւններ կ՛ընդգրկեն ձեռքերը երեսին չտանիլ (եթէ չես լուացած) եւ հեռաւորութիւն պահել անոնցմէ, որոնք կը հազան կամ կը բռնքտան:
Առողջապահութեան մարզին մէջ աշխատողներու կողմէ դիմակի օգտագործումը տարբեր է: Թելադրելի է, որ անոնք կրեն յատուկ դիմակ որ կը կոչուի N-95 «րէսփիրաթոր» եւ ոչ գործողութեան դիմակ, որ յաճախ կ՛օգտագործուի լայն հասարակութեան կողմէ:
Առողջապահութեան մարզին մէջ աշխատողները կ՛օգտագործեն N-95 դիմակներ, երբ գործ կ՛ունենան շնչառական հիւանդութիւններ ունեցողներու հետ: Անոնք շարունակ փորձարկումի կ՛ենթարկուին, հաստատելու համար, որ գիտեն ինչպէս ճշգրիտ ձեւով պիտի օգտագործեն իրենց դիմակները եւ ճիշդ քայլերու դիմեն՝ պաշտպանուելու համար վարակուած անձերէ: Centers for Disease Control and Prevention-ի համաձայն, իւրաքանչիւր քայլ եւ իւրաքանչիւր սարք անհրաժեշտ են այս մակարդակի պաշտպանումի համար: Րայըն ըսած է, որ արդէն իսկ դիմակներու պակաս կայ, յատկապէս N-95s-ը:
«Շատ կարեւոր է, որ եթէ դիմակներու պակաս ունենանք, զանոնք ձգենք առաջին գիծի աշխատողներու, հիւանդանոցներու մէջ պէտք ունեցողներու, եւ անոնց որոնք հիւանդ անձերու հոգ կը տանին տուներու մէջ», ըսած է Վան Քըրխով:
«Մենք չենք ըսեր մարդոց, որ ինչ ընեն», դիտել տուած է Րայըն: «Մարդիկ միջոցներ ձեռք կ՛առնեն իրենց առողջութիւնը պահելու համար: Մենք կը փորձենք մարդոց ըսել ինչպէ՞ս ճիշդ ձեւով պաշտպանեն իրենք զիրենք, եւ տակաւին ի՞նչ բաներ պէտք է ընեն:
Աշխարհի չորս ծագերուն, մարդիկ դիմակ կը կրեն զանազան պատճառներով: «Պատմականօրէն, ժողովուրդներ եւ ընկերութիւններ Ասիոյ մէջ դիմակներ օգտագործած են քաղաքներու մէջ կեղտոտումի պատճառներով… այս մէկը եւս պէտք է նկատի ունենանք», ըսած է Րայըն: «Այդ է պատճառը, որ մենք զգուշ ենք մարդոց «ոչ» ըսելու մէջ», աւելցուցած է Րայըն:
Լայն հասարակութեան կողմէ դիմակներ կրելու վերաբերեալ WHO-ի թելադրութիւնը այն է, որ հիւանդ մարդիկ պէտք է կրեն դիմակներ եւ ոչ առողջ մարդիկ: «Մենք կը յանձնարարենք ժողովուրդին, որ դիմակ կրեն, եթէ հիւանդ են», ըսած է Վան Քըրխով: «Հիւանդ մարդոց կողմէ դիմակ կրելու անհրաժեշտութեան պատճառը այն է, որ անոնք այդ միջոցով կը կանխարգիլեն հիւանդութեան փոխանցումը առողջ անձերու եւ ոչ՝ իրենք զիրենք ապահովելու, որպէսզի չի վարակուին»: Ան ընդգծած է նաեւ, որ դիմակները ճիշդ ձեւով օգտագործելը շատ կարեւոր է:
Մեծ թիւով հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ ձեռքերը լուալը ամէնէն մեծ ազդեցութիւնը ունին շնչառական հիւանդութիւններու փոխանցումը կանխարգիլելու համար՝ այլ միջոցներու դիմելէ աւելի, ինչպէս N-95 «րէսփիրաթոր»-ներ, ձեռնոցներ եւայլն: Ձեռքերը մաքուր պահելը թիւ 1 բանն է, որ մարդիկ կրնան ընել: