Քորոնա ժահրի EG.5 D-19 տարբերակը, որ նաեւ «Էրիս» անուանումը ունի, «վերելքի մէջ է», նախազգուշացուցած է Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան ղեկավարը։ Ժնեւի մէջ ելոյթի ընթացքին Թետրոս Կեպրեյեսուս ըսած է, որ ձմրան եղանակին ընդառաջ հիւսիսային կիսագունդին մէջ «տագնապալի միտումներ» կը նկատուին, կը տեղեկացնէ Euronews-ը։
Կեպրեյեսուսի համաձայն, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ մահացութեան թիւը կը բարձրանայ, Եւրոպայի մէջ կ՛աճի քորոնա ժահրի այս տարբերակով «ինթենսիվ թերափի»ի բաժանմունքներ ընդունուող հիւանդներու թիւը, իսկ շարք մը շրջաններու մէջ աւելցած է հիւանդանոցային բուժումի թիւը։
Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան COVID-19-ի դէմ պայքարի «թեքնիք» ղեկավար Մարիա Վան Քերքխովեն ըսած է, որ «այս տարբերակը դուրս չի մղեր» շրջանառութեան մէջ գտնուող միւս տարբերակները, եւ ճիշդ այդ հանգամանքն է, որ կ՛անհանգստացնէ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը։
Կեպրեյեսուս նշած է, որ «ամէնէն մեծ խնդիրներէն մէկը վտանգի խումբին մէջ գտնուող մարդոց շրջանակին մէջ դիմադրողականութեան ցած մակարդակն է, որոնք վերջերս COVID-19 պատուաստի չափաբաժին չեն ստացած: Մեր ուղերձն է․ «մի՛ յապաղիք ստանալու յաւելեալ չափաբաժին, եթէ անիկա յանձնարարուած է ձեզի»,- ըսած է Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան ղեկավարը։