«Քորոնա» ժահրային բորբոքումի հանդէպ դիմադրողականութիւնը կը պահպանուի գրեթէ կէս տարի։ Այսպիսի տեսակէտ յայտնած է ժահրաբան, «Վեքթոր» կեդրոնի տարրալուծարանի նախկին վարիչ, Ալեքսանդր Չեպուրնով՝ Ura.ru կայքէջին հետ զրոյցի ընթացքին։
Մասնագէտին խօսքով՝ COVID-19-էն բուժուած մարդոց մօտ, սովորաբար 3-4 ամսուան ընթացքին, հակամարմիններու մակարդակը կը նուազի մինչեւ ամբողջական անհետացում։ Ատկէ ետք, բջիջային դիմադրողականութիւնը կը դադրի պատասխանելէ «քորոնա» ժահրային «էնթիճէն»-ին, ուստի մարդիկ, որոնք հիւանդացած են օրինակ Ապրիլին, արդէն Հոկտեմբերին կրնան դարձեալ վարակուիլ։
«Բուժուողներու օգնութեամբ հաւաքական դիմադրողականութեան ձեւաւորման յոյսեր չկան։ Այսօր, պարզ դարձած է, որ այդ մէկը կարելի չէ յաջողցնել»,- ըսած է մասնագէտը։